ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի խորհրդարանը որոշում չէ կայացուցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցին շուրջ, զոր ներկայացուցած էր Ժառանգութիւն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը: Կառավարող միասնութիւնը, որ բազմիցս յայտարարած էր ներկայիս սոյն հարցի քննարկման անյարմարութեան մասին, չէ մասնակցած քուէարկութեան, որուն իբրեւ արդիւնք՝ որոշումը չէ ընդունուած։
Օրինագիծին կողմ քուէարկած են ընդամէնը 13 պատգամաւորներ, որոնց մէջ եղած են «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան 7 պատգամաւորները, անկախ պատգամաւոր Տիգրան Թորոսեան եւ ՀՅԴ խմբակցութեան 5 պատգամաւորները:
Նախքան քուէարկութիւնը, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը կոչ ըրած է իր գործընկերներուն միանալու փաստաթուղթին, քանի որ անիկա համազգային կարեւորութիւն ունի, սակայն, անոր փաստարկները չեն համոզած պատգամաւորները։
Քուէարկութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով յայտարարած է, թէ այս փաստաթուղթին ընդունումը տուեալ պահուն վնաս պիտի հասցնէր բանակցային գործընթացին: «Այդ փաստաթուղթը կարելի կը լինի ընդունել, երբ գայ ժամանակը», աւելցուցած է Շարմազանով՝ յիշեցնելով Ասթանայի մէջ ԵԱՀԿ վեհաժողովին ընթացքին Հայաստանի նախագահին հնչեցուցած խօսքերը, թէ՝ Պաքուի կողմէ յարձակումի մը պարագային, Երեւանը կրնայ ճանչնալ ԼՂՀ անկախութիւնը։
Այդուհանդերձ, «Ժառանգութիւն»ը կը պնդէ, թէ օրինագիծին ընդունումը յստակութիւն կը մտցնէ Ղարաբաղի բանակցութիւններուն մէջ, եւ կը նպաստէ հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.