ՈՒՔՐԱՆԻԱ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 7ին, Ուքրանիոյ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն եւ մատուռներուն մէջ մատուցուած են յիշատակի պատարագներ: Յիշատակի պատարագ մատուցուած է նաեւ Քիեւի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մատուռին մէջ:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 7ն 1988ի Սպիտակի կործանարար երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի օրն է։ Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 10 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժին զոհուեցաւ 25 հազար մարդ, 19 հազարը դարձաւ հաշմանդամ, իսկ անօթեւան մնաց 530 հազար:
Երկրաշարժին հետեւանքով, ամբողջովին աւերուեցան Սպիտակ քաղաքն ու յարակից գիւղերը: Աւերներ եղան նաեւ 21 քաղաքներու եւ 324 գիւղերու մէջ: Քանդուեցաւ Հայաստանի երկրորդ քաղաքի՝ Լենինականի (ներկայիս՝ Գիւմրի) շինութիւններուն 80 տոկոսը: Երկրաշարժին հետեւանքով նաեւ շարքէն դուրս եկաւ երկիրի արդիւնաբերական ներուժին 40 տոկոսը:
1988ին, Հայաստանի օգնութեան փութացին ամբողջ Խորհրդային Միութիւնն ու աշխարհը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.