ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Մինչ Իսրայէլ կը պայքարի իր պատմութեան մէջ անտառային յոռեգոյն հրդեհը հակակշիռի ենթարկելու, բազմաթիւ երկիրներ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3ին հրշէջ օդանաւեր Իսրայէլ ուղարկեցին՝ օժանդակելու համար բոցերուն դէմ պայքարին։ Հրդեհին բոցերը Հայֆայի մօտ Քարմել լեռնային շրջանի անտառային տարածքներ եւ բնակարաններ լափեցին, 41 զոհ պատճառեցին եւ 15 հազար քաղաքացիներ գաղթի մղեցին, սակայն նաեւ՝ երկրին արտակարգ կացութեանց սպասարկութիւններուն մէջ խոցելի մեծ կէտեր բացայայտեցին։ Կը կարծուի, որ հրդեհը յառաջացած է ապօրինի աղբանոցի մը պատճառով։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Պուլկարիա, Յորդանան, Յունաստան, Կիպրոս եւ Բրիտանիա կ՛օժանդակեն հրդեհին դէմ պայքարին, իսկ թրքական եւ ռուսական հրշէջ օդանաւեր եւս Իսրայէլ կ՛ուղղուին՝ միանալու բոցերուն դէմ պայքարին. Ֆրանսա հրշէջ նիւթեր պիտի ուղարկէ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով, թրքական երկու օդանաւեր Իսրայէլ մեկնեցան Ուրբաթ օր՝ օժանդակելու համար հրդեհը հակակշռելու պայքարին։ Թրքական օժանդակութեան լուրը առաջին անգամ հրապարակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանի կողմէ: Այս պատճառով, կասկածներ յառաջացան այն մասին, թէ սոյն զարգացումին մէջ Ուաշինկթըն իր դերակատարութիւնը ունի:
Յիշեցնենք, որ 1999ի Մարմարայի երկրաշարժին ընթացքին, Իսրայէլ եւս օժանդակութիւն ղրկած էր Թուրքիոյ։