ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ թրքական «Ճիհան» գործակալութեան, թրքական անվտանգութեան ծառայութեան պատրաստած արձանագրութեան մէջ առկայ է հեռաձայնային խօսակցութեան մը գաղտնի արձանագրութիւնը, ուր «Թուրք վրիժառուներու միութիւն» կազմակերպութեան երկու անդամներու՝ Մութլու Էրտողանի եւ Օնուրի, միջեւ 2009ի Մարտ 22ին տեղի ունեցած խօսակցութենէն պարզ դարձած է, թէ անոնք մահափորձ մը կը ծրագրէին ՀՅԴ կուսակցութեան հայաստանեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչի մը դէմ:
«Տեղեկութիւն կայ, թէ որոշ ժամանակ առաջ, Հայաստանէն Թուրքիա ժամանած է Դաշնակցութիւն կուսակցութեան քաղաքական կոմիտէի նախագահը», կ՛ըսէ Օնուր, որուն ի պատասխան, Մութլու Էրտողան նախ կը հայհոյէ, ապա կ՛ըսէ. «Կը հետեւինք, սակայն այս պահուն պէտք է լուռ մնանք. թող քանի մը ամիս անցնի, յետոյ կամաց-կամաց մեր գործին կը սկսինք. կանգ չենք առներ»:
Թրքական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները հեռաձայնային այդ խօսակցութենէն եզրակացուցած են, որ Թուրք վրիժառուներու միութեան անդամները յարձակում կը ծրագրէին հայ քաղաքական գործիչին դէմ։