ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Սոյն շաբաթասկիզբին Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հանդիպումներ ունեցած է շարք մը ազդեցիկ քոնկրեսականներու հետ, կը տեղեկացնէ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը:
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Տաւութօղլու, շարք մը այլ հարցերու կողքին, անդրադարձած է նաեւ այս տարուան Մարտին նշեալ յանձնաժողովին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Տաւութօղլու նշած է, որ բանաձեւը «բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ» եւ ընդգծած է, որ «Քոնկրեսին կողմէ նման բանաձեւ վաւերացնելու անհրաժեշտութիւն չկայ», կոչ ընելով քոնկրեսականներուն, որ օրակարգի վրայ չդնեն Ցեղասպանութեան բանաձեւը: