Հայ Դատի Իրաւատիրութեան Պիտի Յանգի՞ն Ուիլսընի Իրաւարար Վճռին «Գիտական Ուսումնասիրութիւնն Ու Վերլուծութիւնը»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Օրինադաւութիւնը եւ բիրտ ուժը խոչընդոտեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների նախագահ Վիլսոնի Իրաւարար վճիռը կեանքի կոչելու հնարաւորութիւնը: Այդուհանդերձ, դրա նշանակութիւնը չի կարելի թերագնահատել. այդ որոշմամբ հայ ժողովրդի կորուսեալ հայրենիքի իղձը ստացաւ կենարար եւ իրաւական ուժ»։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Պաշտօնական Երեւանը, քանի մը օր առաջ, ողջունելի եւ միանգամայն հպարտութիւն առթող անակնկալ մը հրամցուց աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին։
Նոյեմբեր 22ին Հայաստանի ակադեմական եւ մտաւորական շրջանակը, հանդիսաւորապէս եւ պետական բարձրագոյն շուքով, նշեց 90ամեակը ատենի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Վիլսընի պատմական իրաւարարութեան։
Ծանօթ է, որ 10 Օգոստոս 1920ին Սեւրի Դաշնագիրը ստորագրած պետութիւնները, այդ շարքին նաեւ ու մանաւանդ Օսմանեան Թուրքիան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որոշեցին եւ Դաշնագրին մէջ յատուկ կէտ արձանագրելով դիմեցին Մ. Նահանգներու նախագահ վիլսընի, որպէսզի ան ստանձնէ իրաւարարի պատասխանատուութիւնը եւ ճշդորոշէ, քարտէսի վրայ իսկ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պետական սահմանագիծերը։ Դաշնադիր կողմերը ի սկզբանէ նաեւ յայտարարեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ ըստ ամենայնի ընդունելու Մ. Նահանգներու նախագահին Իրաւարարական Վճիռը։
Նախագահ Վլիսըն օրին ընդառաջեց միջազգային այդ դիմումին եւ 22 Նոյեմբեր 1920ին հրապարակեց իր Իրաւարարութեան Վճիռը։
Եւ այդպէ՛ս, միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքի աշխարհին մէջ, կեանքի կոչուեցաւ Մ. Նահանգներու նախագահին իսկ անունով ճանչցուած՝ Վլիսընեան սահմաններով Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէսը։
Վիլսընեան այդ իրաւարարութեան 90ամեակն էր, ահա՛, որ քանի մը օր առաջ պետական շուքով եւ ակադեմական հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։
Իսկ Հայաստանի նախագահը, Վիլսընեան իրաւարարութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը մեծարող յատուկ ուղերձով մը, ազգային հնչեղութեամբ եւ քաղաքական թելադրականութեամբ նշանակալի դարձակէտի մը վերածեց 90ամեակի պաշտօնական նշումը։
Փաստօրէն, 90 տարի առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումէն եւ խորհրդային կարգերու բռնի պարտադրումէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքէն յայտարարուեցաւ, այդպէ՜ս յստակ եւ հատու շեշտով, որ Հայաստանի Վլիսընեան սահմանագծումով՝ «հայ ժողովրդի կորուսեալ հայրենիքի իղձը ստացաւ կենարար եւ իրաւական ուժ», իսկ Մ. Նահանգերու իրաւարար նախագահը արդարօրէն արժանացաւ, հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, «Արդարութեան ջատագովի եւ իսկական բարեկամի» անմոռանալի պատուանդանին։
Գաղտնիք չէ, որ խորհրդային ժամանակներուն ոչ միայն արգիլուած էր, այլեւ պետական ծանրագոյն յանցագործութեան համազօր էր Սեւրի Դաշնագրին եւ յատկապէս Վիլսընեան սահմաններով Հայաստանին ուղղուած դրական որեւէ արտայայտութիւն, ո՜ւր մնաց Հայաստանի իշխանութեանց առաջին դէմքին բերնով արտասանուած նման պատմական գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսքը։
Բայց վստահաբար տակաւին գաղտնիք է, որ ինչո՞ւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք ալ, մինչեւ Վիլսընեան իրաւարարութեան 90ամեակը, պաշտօնական Երեւանը խուսափեցաւ Սեւրին ու Վիլըսնին արժանին մատուցանելէ։
Անշուշտ պետական գաղտնիքներն ալ խորհրդապահութեան իրենց ժամկէտը ունին եւ հեռու չէ այն օրը, երբ հայ մարդուն առջեւ կը բացուին փականքի տակ պահուող արխիւները եւ եթէ ոչ մենք, գոնէ մեր զաւակները ստուգապէս կը գիտնան, թէ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան թիւ մէկ դէմքը, իրերայաջորդ երեք նախագահներով հանդերձ, ինչո՞ւ այսքան ուշացաւ Սեւրի պարտամուրհակին իրաւատէր կանգնելու իր պարտաւորութեան եւ միանգամայն պատասխանատուութեան մէջ։
Մեր ժողովուրդը իմաստուն է եւ անշուշտ կ՛ըսէ, թէ ուշ լինի, նուշ լինի…
Հարցը, սակայն, արձանագրուած այդ ուշացումին մէջ չէ, այլ՝ յապաղումով, բայց ի վերջոյ իրականացած իրաւատիրութեան իսկակա՛ն ու անշրջելի ըլլալու ապահովութեան եւ վստահութեան կը վերաբերի։
Այնքան ատեն, որ Հայաստան յետս չէ կոչած իր ստորագրութիւնը Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութիւններէն, հայ մարդը ամէն պատճառ ունի թանն անգամ փչելով խմելու…
Անկասկած, Հայաստանի նախագահին Նոյեմբեր 22ի Վիլսընեան ուղերձը ոչ միայն ողջունելի շրջադարձ մըն է, այլեւ կ՛ամրապնդէ հայ մարդուն ազգային ինքնավստահութիւնն ու պահանջատիրութիւնը։
Եւ ճիշդ այդ մեկնակէտով է, որ ազգային–քաղաքական այսքան կենսական շրջադարձին առիթով կը կատարուի՝ ինչո՞ւ ուշացանք հարցադրումը։
Մանաւանդ որ Հայաստանի նախագահին շրջադարձային ուղերձը կ՛եզրափակուի այն հաստատումով, թէ Վիլսընեան Իրաւարարական Վճռի՝ «Պատմական այդ եզրոյթի գիտական ուսումնասիրութիւնն ու վերլուծութիւնն ունեն կարեւոր նշանակութիւն»:
Այսինքն՝ ի՞նչ։
Ի՞նչ ընելու համար «կարեւոր նշանակութիւն ունեն»…
Ուիլսընեան իրաւարարութեան «գիտական ուսումնասիրութիւնն ու վերլուծութիւնը» պիտի ծառայե՞ն ու պիտի յանգի՞ն Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը պետական քաղաքականութեան մակարդակին բարձրացնելու նպատակին։
Հայաստանի նախագահին Վիլսընեան ուղերձը յստակ ու մեկին իր դրական պատասխանը չունի այդ հարցականին։
Կը յուսանք եւ կը սպասենք, որ ժամանակը բերէ այդ յստակացումը։
Տխրահռչակ փրոթոքոլից քաղւածք
«վերահաստատելով երկու երկրների միջեւ գոյություն ունեցող ընդհանուր սահմանի փոխադարձ ճանաչումը` սահմանված միջազգային իրավունքի համապատասխան պայմանագրերով»
ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՒՈՒՄ Է ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՍԱՀՄԱՆԸ
Սրանից յետոյ ինչ էլ որ ասւի օդի տատանումից զատ ուրիշ ազդեցութիւն չի ունենայ միջազգային բեմահարթակում: Նախագահի ելույթը ներքին սպառման և մասնավորապէս սփիւռքը սիրաշահելու ճիգ է: