ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16ին վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ կը պաշտպանէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութեան իրաւունքը, յայտնած է Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Նինօ Քալանտածէ: Անոր համաձայն, նշուած բանաձեւը իր «բովանդակութեամբ եւ սրութեամբ», տարբեր եղած է նախորդ բոլոր այն բանաձեւերէն, որոնք վաւերացուած են ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ: Բանաձեւին մէջ Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան ներկայացուած են իբրեւ Վրաստանի «բռնագրաւուած տարածաշրջաններ», ըսած է փոխնախարարը, աւելցնելով, որ բանաձեւին մէջ Ռուսիոյ հասցէագրուած կոչ մը կայ, իրագործելու զինադադարի վերաբերեալ համաձայնագիրի իր պարտաւորութիւնները՝ «զօրքերը դուրս բերելով Վրաստանի տարածքէն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.