ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 17ին հրապարակուած ՖԻՖԱի դասակարգման աղիւսակին մէջ Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականը յայտնուած է 59րդ հորիզոնականին վրայ՝ նախորդ ամսուան համեմատ բարձրանալով մէկ հորիզոնական: Ինչպէս անցեալ ամիս, առաջատարը դարձեալ Սպանիան է, այնուհետեւ՝ Հոլանտան, Պրազիլը, Գերմանիան, Արժանթինը, Անգլիան, Ուրուկուէյը, Փորթուկալը եւ Խորուաթիան։ Առաջին տասնեակին մէջ հանդիսացած է նաեւ Եգիպտոսի խումբը: Հայաստանի հետ Եւրոպայի առաջնութեան նոյն ընտրական խումբին մէջ ընդգրկուած Ռուսիան նահանջած է երեք դիրք եւ յայտնուած է 13րդ հորիզոնականին վրայ: Իսկ Վրաստանը գրաւած է 78րդ դիրքը, եւ Ատրպէյճանը՝ 90րդ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.