ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը յառաջիկայ տարուան սկիզբը պիտի ստանան թրքական արտադրութեամբ սարքաւորումներ, որոնք ռազմափորձերու ընթացքին պիտի գործածուին Ատրպէյճանի ցամաքային ուժերու հրթիռարձակման բաժանմունքին կողմէ:
Թուրքիայէն այս սարքաւորումները գնելու նախնական համաձայնագիրը կնքուած էր 2009ին:
Թրքական «Հաւելսան» ընկերութեան կողմէ արտադրուող սոյն գործիքները ներկայիս կը գործածուին նաեւ Փաքիստանի զինուորական ուժերուն կողմէ:
Ատրպէյճան եւ Թուրքիա բանակցութեանց մէջ են՝ թրքական անօդաչու օդանաւերով օժտելու համար Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.