
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ըստ «ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութեան, Նոյեմբեր 17ին, Մոսկուայի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Մետվետեւին՝ ղարաբաղեան կարգաւորման գործին մէջ անոր միջնորդական ջանքերուն համար:
«Կը ցանկանայի շնորհակալութիւն յայտնել Ձեր գործադրած ջանքերի համար: Ռուսաստանը միշտ կարեւոր դեր է խաղացել Կովկասում: Յոյսով եմ, որ Ձեր ջանքերը կ՛աւարտուեն արագ եւ դրական», ըսած է նախագահ Սարգսեան։
Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններու մասին՝ նախագահները նշած են, թէ անոնք կը կրեն արտօնեալ բնոյթ: Մետվետեւի խօսքով, ան շատ յաճախ կը հանդիպի իր հայ գործընկերոջ հետ, եւ այդ հանդիպումները առիթ կը ստեղծեն՝ «ճշդելու ժամանակացոյցները» տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ «խօսելու ղարաբաղեան կարգաւորման մասին»: