ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15ին յայտնեց, որ ամերիկեան հակահրթիռային համակարգը ՆԱԹՕի ծիրին մէջ առնուելիք քայլ մըն է։ Էրտողան լրագրողներու յայտնեց, որ «եթէ հակահրթիռային վահանի համակարգը մեր հողամասերուն վրայ տեղադրելու հարցը կը քննուի, ապա անոր հրամանատարութիւնը անպայմանօրէն մեր ձեռքը պէտք է ըլլայ. այլապէս, մեզի համար անկարելի է այդպիսի բան ընդունիլ»։
Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիոյ օդուժը այդ հարցին ուղղութեամբ կ՛աշխատի, եւ ատիկա պիտի քննարկուի Լիզպոնի մէջ, Նոյեմբեր 19-20ին կայանալիք ՆԱԹՕի գերաստիճանին ընթացքին։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն յղած է նամակ մը, որուն մէջ ներկայացուցած է Թուրքիոյ տարածքին հակահրթիռային համակարգերու տարրեր զետեղելու առաջարկին հանդէպ Անգարայի կեցուածքը։ Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմը նամակին բովանդակութեան մանրամասնութեան մասին ոչինչ բացայայտած է։
Իր կարգին, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆող Ռասմուսեն յայտնեց, որ վստահ է, թէ Թուրքիա, մինչեւ Լիզպոնի գերաստիճանը, պիտի ձերբազատուի հակահրթիռային համակարգին նկատմամբ իր մտավախութիւններէն:
Փորթուկալի մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին, դաշինքի անդամ պետութեանց ղեկավարները պիտի քննեն նաեւ յառաջիկայ տասնամեակի քաղաքականութիւնը եւ կազմակերպութիւնը բարեփոխելու կարելիութիւնները։ Գերաստիճանի ընթացքին, դաշինքի ռազմավարական նոր տեսլականը եւ առաջարկուած հակահրթիռային վահանի համակարգը ղեկավարներուն պիտի ներկայացուին՝ առ ի վաւերացում։