ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 21ին, կ.ե. ժամը 2ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Ալիծ Աղպապեանի նոր հրատարակուած հատորին՝ (Մըռ Մըռ Թօթօ եւ Վանայ Հարսիկ»ի ներկայացումը: Ալիծ Աղպապեանի նոր հատորը նուիրուած է պատմական Վանի հեքիաթներուն ու խաղերուն, որոնց մասին պիտի խօսի հեղինակը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: «Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA:
Գիրքէն օրինակ մը ապահովելու համար, այցելել www.abrilbooks.com/books/11895.html կայքէջը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին: