ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մամլոյ գրասենեակին, Արցախի մէջ այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն ծնած է 2033 երեխայ, իսկ մահացութիւններուն թիւը կազմած է 1002։ Ծնած երեխաներուն մէջ կը գերակշռէ արական սեռը՝ 51.9 տոկոս: Բազմապտուղ ծնունդներուն թիւը 18 է, որոնցմէ 17ն՝ երկուորեակ, 1ը՝ եռեակ: Առաջնածին է 752 երեխայ (ծնունդներուն 37.0 տոկոսը), ընտանիքին մէջ ծնած երկրորդ երեխաներուն թիւը 610 է: Ծնունդներու 46.3 տոկոսը արձանագրուած է քաղաքային, իսկ 53.7 տոկոսը՝ գիւղական բնակավայրերու մէջ:
Միւս կողմէ, մինչեւ մէկ տարեկան մահացած երեխաներուն թիւը 26 է, նախորդ տարուան 20ին դիմաց: Նշուած ժամանակահատուածին, Ղարաբաղի մէջ մայրական մահացութեան դէպք չէ արձանագրուած:
Արցախի մէջ գրանցուած մահացութիւններուն դէպքերը, ըստ քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերու, եղած են համապատասխանաբար՝ 44.9 եւ 55.1 տոկոս. անոնց գլխաւոր պատճառներէն են արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւնները՝ 66.7 տոկոս, եւ նորագոյացութիւնները՝ 13.5 տոկոս: Ըստ տարիքային խումբերու, մինչեւ 70 տարեկան մահացածներուն թիւը կազմած է ընդհանուրին 26.6 տոկոսը, 70-74 տարեկաններունը՝ 12.6 տոկոս, 75-79 տարեկաններունը՝ 15.8 տոկոս, 80-84՝ 21.8, եւ 85 եւ աւելի տարիքի մահացածներունը՝ 23.2 տոկոս: