ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կիրակի օր, 14 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի գրադարանի, Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի համագործակցութեամբ, կազմակերպուած է Պետրոս Ալահայտոյեանի «Բալուի (եւ տարածաշրջանի) երաժշտական, ազգագրական հաւաքածոյ» աշխատասիրութեան շնորհահանդէսը:
Գիրքը անցեալ տարի լոյս տեսած է «Դրազարկ» հրատարակչութեան կողմէ: Նման արժէքաւոր աշխատասիրութիւն մը հանրութեան ներկայացնելը, հաւանաբար, որոշ ժամանակի կը կարօտէր: Ինչո՞ւ: Պարզ այն պատճառով, որ բովանդակութիւնը ճիշդ գնահատելու եւ արժեւորելու համար, մասնագիտական որոշ պատրաստութիւն ունենալը նախապայման կրնար նկատուիլ, եւ այդ նկատառումը ինքնին կրնար խոչընդոտել շնորհահանդէսի մը կազմակերպումին:
Այդ հանգրուանը անցած ենք հիմա, ու Կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը չորսին, մեր համայնքը առիթը պիտի ունենայ ծանօթանալու Կոմիտասեան աւանդութեան հաւատարիմ ու անոր հետեւորդ երաժշտագէտի մը տարիներու աշխատանքին:
Գիրքը լաւագոյնս բնութագրելու մեր փնտռտուքը կանգ առաւ հեղինակին ի՛սկ ձեռքով գրուած հետեւեալ տողերուն վրայ՝ «Ասպարէզ»ին նուիրուած գիրքին իբրեւ մակագրութիւն.
«Ահա այնքա՜ն երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած Բալու հատորս, այնպէս, ինչպէս վերաշնչաւորուած է իր 72 երգերու փունջով, եւ վերակենդանացած է իբրեւ հայութենէ ամայացած Արեւմտահայաստանի մէկ ոստանը. խորհրդանիշը՝ կորսուած բայց ո՛չ մոռցուած, հայաթափուած բայց վերապրած Հայաստանին, յուսալով, որ հայրենի հողին փոխարէն՝ անոր հոգին, շունչն ու երգը, որոնք ամփոփուած են հոս, մասամբ մը փոխարինած ըլլան կորսուած հողն ու երկինքը»:
Բալուէն, կորուսեալ հայրենիքի մէկ կտորէն փրկուած մասունքին հետ հաղորդուելու համար, Կիրակի կէսօրին հրամմեցէ՛ք Կլենտէյլի գրադարան: Հասցէն՝ 222 E. Harvard: