
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատ յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբին, Շաբաթ, Նոյեմբեր 13ին կայանալիք կազմակերպութեան տարեկան ճաշկերոյթին հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի «Ասպարէզ»ին:
Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Արարատ տան» մէջ (15105 Mission Hills Rd. Mission Hills, CA 91345): Երեկոն պիտի խանդավառէ յայտնի երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը:
Տոմսեր ապահովելու համար այցելել itsmyseat.com կայքը: Տոմսերու գինը 60 տոլար է, ներառեալ ընթրիք ու երկու շիշ գինի ու զովացուցիչներ: Ամբողջ սեղան մը ապահովողները 10 տոկոս զեղչ պիտի ստանան, տոմսերը ապահովելու ընթացքին գործածելով «group» բառը:
Հովանաւորելու համար դիմել info@ancpn.com հասցէին: