Վատիկանի ձայնասփիւռը յատուկ յայտագիր պատրաստած էր Թուրքիոյ մէջ յոյներուն պատկանող գերեզմանատան դէմ կատարուած յարձակումին մասին՝ խստօրէն դատապարտելով կատարուածը։ Հաղորդումին ընթացքին յատկապէս շեշտուած է այն հանգամանքը, որ բարբարոսութեան նման դրսեւորում տեղի ունեցած է այնպիսի ժամանակ մը, երբ թուրքերը կը տօնէին Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութեան 87ամեակը։ Ընդգծելով, որ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն խորանալ հակաքրիստոնէական տրամադրութիւնները՝ Վատիկանի ձայնասփիւռը մէջբերած է Պոլսոյ յունաց Բարթողիմէոս պատրիարքին հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Այն միջոցին, երբ մենք կը սպասենք Թուրքիոյ մէջ դրական զարգացումներու, տեղի կ՛ունենայ նման յարձակում. բան մը, որ մտածելու առիթ կ՛ընծայէ։ Երբ կրօնական ազատութեան առնչութեամբ մեր մօտ յոյսեր կ՛արթննան, տեղի կ՛ունենան նման ոտնձգութիւններ»։
Նշենք, որ Կէօքչէատա կղզիին վրայ յարձակումի ենթարկուած էր յոյներուն պատկանող գերեզմանատունը, եւ այդ պատճառով ջարդուփշուր եղած էին 78 տապանաքարեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.