ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀի մէջ առայժմս կատարուած է շուրջ 32,714 հեքթար հերկ, 7823 հա. ցանք, որ նախորդ տարուան ցուցանիշներուն կը զիջի համապատասխանաբար՝ 10,378 եւ 12,137 հեքթարով:
Ըստ ԼՂՀ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վլադիմիր Զաքիյեանի, այս տարուան ցած ցուցանիշը հետեւանք է 2009ի անյաջող բերքահաւաքին, որուն պատճառով ալ, գիւղացիները չեն ունեցած համապատասխան նիւթական միջոցներ:
Ըստ փոխնախարարին, ստեղծուած իրավիճակը ուղղելու համար, ընդլայնուած է պետական աջակցութեան շրջանակը. արդարեւ, ԼՂՀ գիւղի ու գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամին կողմէ, աշնանացանի աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով, գիւղացիներուն տրամադրուած է 850 միլիոն դրամի վարկ՝ նախորդ տարուան 416 միլիոնին փոխարէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.