
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Էն.Թի.Վի. Թարիհ» պարբերաթերթը, իր Նոյեմբերի թիւին մէջ (թիւ 22), «Հայոց տեղահանութիւն. Երեք Փաստաթուղթեր, Երեք Իրականութիւններ» խորագիրին ներքեւ կը հրատարակէ Տերիա Թուլկայի կողմէ ի յայտ բերուած խօսուն վկայութիւններ՝ հայկական բռնագաղթի իրողութեան մասին։
Յօդուածագիրը, հրատարակելով այդ երեք փաստաթուղթերուն հին թրքերէնով գրի առնուած կրկնօրինակները, եւ այդ փաստաթուղթերուն քով հրատարակելով անոնց արդի թրքերէնի թարգմանութիւնը՝ մէկ առ մէկ բացատրութիւններ կու տայ այդ փաստաթուղթերու բովանդակութեան մասին։
Ան կը գրէ, թէ այդ փաստաթուղթերը նման են Մուրատ Պարտաքճըի կողմէ հրատարակուած Թալաթ փաշայի թղթածրարներու բովանդակութեան, սակայն նոյնը չեն։ Իսկ ինք կը հրատարակէ իր ձեռք բերած այս փաստաթուղթերը, որպէսզի «Հայկական հարց»ի նիւթով մինչեւ օրերս երկարող վիճաբանութիւններուն նպաստած ըլլայ։ Տերիա Թուլկա իր գրութեան մէջ կը նշէ, թէ Մուրատ Պարտաքճը պարզապէս ներկայացուցած էր իր ձեռք բերած փաստաթուղթերը, բայց մեկնաբանութիւն չէր ըրած այս մասին. իսկ իր ներկայացուցած փաստաթուղթերը թէ՛ թուական կը կրեն իրենց վրայ եւ թէ պաշտօնական կնիք։
Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ իր հրապարակածները Թալաթ փաշայի անձին չեն պատկանիր, այլ պետութեան արխիւին մաս կը կազմեն:
Առաջին փաստաթուղթը կը կրէ Նոյեմբեր 2, 1922 թուականը, եւ կը բաղկանայ հինգ էջերէ։ Երրորդ էջին վրայ տեղ գրաւած է ցանկ մը, ուր նահանգ առ նահանգ ցոյց կը տրուին տեղահանուած հայերուն թիւերը։ Ցանկին համաձայն, այս թիւը կը կազմէ 924,158 հոգի։ Յօդուածագիրը կը նշէ որ յայտնի չէ, թէ տեղահանուած այս հայերէն քանի՞ն ողջ մնացած է, քանի՞ն մեռած է հիւանդութեան կամ անօթութեան պատճառով, իսկ քանի՞ն մեռած՝ յարձակումներու ենթարկուելով։
«Այլ փաստաթուղթեր կը վկայեն թէեւ, որ Վան, Էտիրնէ, Թեքիրտաղ, Պօլու, Գասթամօնու, Ուրֆա, Ատանայի ձախին՝ Թէքէ նահանգներէն ալ տեղահանուած է հայ ժողովուրդը, բայց այս ցանկին մէջ տեղ չէ տրուած այդ նահանգներու անուններուն», կը գրէ «Մարմարա»:
Երկրորդ փաստաթուղթը կը կրէ Յունուար 20, 1919 թուականը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ տեղահանութենէն չորս տարի ետք կային հայեր, որոնք վերադառնալ կ՛ուզէին Անատոլու գտնուող իրենց ծննդավայրերը։ Ըստ փաստաթուղթին, Անատոլու վերադառնալ փափաքող հայերը «մեծաթիւ էին»։ Այս էջին մէջ հրատարակուած է նկար մը, որ կը կրէ 1908 թուականը. նկարին մէջ հայեր, բազում վերտառութիւններ ի ձեռին՝ մեծ բազմութիւններով կը տօնեն Սահմանադրութեան հռչակումը։
Երրորդ փաստաթուղթը, որ կը կրէ Յունուար 24, 1916 թուականը, կը տեղեկացնէ, թէ այդ օրերուն, շոգեշարժ կառախումբերու մէջ աշխատող անձեր առաւելաբար հայեր կամ յոյներ կ՛ըլլային, եւ այդ իսկ պատճառով, տեղահանութեան օրերուն, երկաթուղիի հայ աշխատաւորները տեղահանութեան չենթարկուեցան:
Յօդուածագիրը կը գրէ նաեւ, որ Ահմետ Ռաֆիք փաշայի ականատեսի վկայութիւններուն համաձայն, իրենց կեանքը փրկելու ահ ու սարսափին մէջ գտնուող գեղեցիկ հայ աղջիկներ, իրենց ծառայելու իսկ անարժան ու թշուառական մարդոց հետ ամուսնանալ ուզած են տեղահանութեան օրերուն։