ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Նոյեմբեր 9ին այցելած է առողջապահութեան նախարարութիւն՝ փոխնախարարներ Թաթուլ Յակոբեանի եւ Աբրահամ Մանուկեանի պաշտօնազրկման հարցին կապակցութեամբ:
Յիշեցնենք, որ կառավարութեան վերջին նիստին, Տիգրան Սարգսեան ունեցած էր կոշտ ելոյթ մը՝ համակարգին մէջ առկայ թերութիւններուն եւ խորացող կաշառակերութեան մասին, միաժամանակ առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանին յանձնարարելով 10օրեայ ժամկէտի ընթացքին ներկայացնել շինիչ առաջարկներ, ընդհուպ՝ նոյնիսկ մարդուժի փոփոխութիւններ։
Վարչապետը Նոյեմբեր 9ին ի՛ր իսկ ձեռամբ իրագործած է իր յանձնարարականը եւ երկու փոխնախարաները հեռացուցած է աշխատանքէ, իսկ աշխատակազմի ղեկավար Գագիկ Սայադեանի նկատմամբ որեւէ քայլ չէ առնուած տակաւին:
«Վարչապետի այսօրուայ յանձնարարութիւնները եւ դիտողութիւնները վերաբերում էին նախարարութեան աշխատակազմի աշխատանքային թերութիւններին, բացթողումներին, մասնաւորապէս՝ տարուայ կտրուածքով նախարարութեան առջեւ դրուած խնդիրների լուծմանը, կառավարութեան միջոցառումների ծրագրով նախանշուած աշխատանքների կատարման որակին, ինչպէս նաեւ՝ ներքին փաստաթղթերի շրջանառութեան հետ կապուած խնդիրներին», լրագրողներուն յայտնած է Սայադեան՝ հաւաստիացնելով, որ սեղմ ժամկէտի մէջ պիտի աշխատին ուղղել վարչապետին մատնանշած թերութիւները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.