ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անատոլուի կամ Վրաստանի մէջ մնացած կարգ մը հայկական հին եկեղեցիներ յաճախ կը վերագրուին վրացիներու, հակառակ անոր, որ եկեղեցիները յստակ կերպով հայկական են ու բազմաթիւ պատմական արձանագրութիւններ կան այդ մասին։
Այս եկեղեցիներէն մէկն է Գաղըզմանի Չենկիլլի գիւղի եկեղեցին, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գրաւէ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։ Հիմա, որ հայկական պատմական եկեղեցիները զբօսաշրջական նպատակներու ծառայեցնելու նոր շարժում մը սկսած է, կարգը եկած է Գաղըզմանի գիւղացիներուն, որոնք կ՛ուզեն եկեղեցին նորոգել ու անոր շրջափակը «հարստացնել» սրճարաններով:
Եկեղեցին կը գտնուի նախապէս հայաբնակ գիւղի մը մօտ, ու անոր շրջափակին մէջ կան հայատառ խաչքարեր, որոնք կը կրեն 989 ու 1024 թուականները։ Եկեղեցիին շրջափակը խաղավայր դարձած է ու հետզհետէ եկեղեցին ալ աւելի կը քանդուի։
Քանի մը օր առաջ, «Հիւրրիյէթ» արձագանգ հանդիսացած էր նաեւ Էրզրումի Չամլըեամաչ գիւղին մէջ գտնուող եկեղեցիի մը, որուն անունը կը յիշուի իբրեւ «Էօշվանք»։ Այս եկեղեցին ալ կը վերագրուի վրացիներուն, հակառակ անոր, որ անունին մէջ գտնուող «վանք» բառը կը վկայէ անոր հայկականութիւնը։ Եկեղեցին շարունակ թալանումի ենթարկուած է, իսկ երկու տարի առաջ անծանօթներ գողցած են նաեւ անոր սիւները։ Ըստ թերթին, որոշուած է եկեղեցին վերանորոգել Վրաստանի կողմէ, եւ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ մօտօրէն Թիֆլիս պիտի մեկնի այս նպատակով։ Ամէն պարագայի, տեղացի ժողովուրդը շատ գոհ է, որ եկեղեցին վերանորոգութեան պիտի ենթարկուի ու պիտի դառնայ զբօսաշրջական վայր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.