ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29ին հաղորդեց, թէ այս տարուան Յուլիս-Սեպետեմբեր եռամսեակին, տնտեսութիւնը 2 տոկոսով աճած է, ինչ որ տնտեսագէտներու ակնկալած աճին կը համապատասխանէր:
Աճը 0.3 տոկոսով աւելի բաձր է քան Ապրիլ-Յունիս եռամսեակին ընթացքին արձանագրուածը, սակայն բաւարար չէ յատկանշական կերպով նպաստելու անգործութեան համեմատութիւնը բարձրացնելու գործընթացին: Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ գործի նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար, հարկաւոր է 4 տոկոսի շուրջ աճ մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.