ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին, 11 ժամ տեւած հարցաքննութենէ ետք ձերբակալուած է Պոլսոյ առեւտրական պալատի նախագահ Մուրատ Եալչընտաշը։ Անոր հետ ձերբակալուած են 11 ուրիշներ, որոնց շարքին է նաեւ Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանի նախկին բարձրաստիճան անդամ Մուսթաֆա Օսքայը:
Անոնք կը մեղադրուին «յանցախումբ ստեղծելու ու դատական մարմինները կաշառելու» յանցանքներով։
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, թրքական իրաւական համակարգին մէջ կաշառակերութեան դէպքերու բացայայտման նպատակով գործողութեան իբրեւ արդիւնք, ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր քառասուն հոգի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.