ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Աստրախանի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման պաշտօնական գնահատականները թէ՛ Պաքուէն եւ թէ Երեւանէն դրական երանգներով կը տրուին: Այս պարզ իրողութենէն, մեզի նման մահկանացուներ կրնան հետեւցնել, որ այդ հանդիպումէն շատ բան պէտք չէ ակնկալել, եւ որ տակաւին շատ հեռու ենք որեւէ հիմնական անկիւնադարձ մը տեսնելէ՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ:
Արդարեւ, որքա՛ն ալ ուժ տանք մեր երեւակայութեան, մեզի համար շատ դժուար է պատկերացնել, որ մինչեւ Դեկտեմբերի առաջին օրերուն նախատեսուած ԵԱՀԿի գագաթնաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Ասթանայի մէջ, ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին Ատրպէյճանի ու Հայաստանի ղեկավարներու մտայնութեանց ու տրամադրութեանց մէջ, որոնք հնարաւոր պիտի դարձնեն կարեւորագոյն սկզբունքներու շուրջ համաձայնիլը:
Ատրպէյճանի ղեկավարութեան պարագային, զիջումի պատրաստ ըլլալու նուազագոյն շողն իսկ չ՛երեւիր երկնակամարի վրայ, հետեւաբար, Հայաստանի կողմէ միակողմանի քայլեր առնելու ակնկալութիւնը միայն կրնայ «լաւատեսութիւն» ներշնչել մինչեւ Դեկտեմբեր բանակցութիւններուն մէջ բեկում տեսնելու ցանկութեամբ արբեցած դիտորդներուն:
Նման «լաւատեսութեան» հիմքեր մենք չենք տեսներ, ոչ անպայման այն պատճառով, որ վստահութիւն ունինք մեր երկրի ղեկավարութեան ազգային շահերուն տէր կանգնելու աննկուն յանձնառութեան ու բարձր գիտակցութեան վրայ, այլ այն մեկնակէտէն, որ միայն դաւաճանութիւնը կրնայ նման քայլ մը հնարաւոր դարձնել. իսկ այդպիսի ծանր մեղադրանք Հայաստանի ղեկավարութեան ուղղելու շարժառիթ չենք ունեցած, յատկապէս՝ Արցախին տէր կանգնելու վարքագիծին կապակցութեամբ:
Աստրախանը, հետեւաբար, պարզապէս հերթական հանգրուան մըն է, որուն մեծագոյն իրագործումն է՝ յաջորդ հերթական հանգրուանը՝ Ասթանայի հանդիպումը, հնարաւոր դարձնելը: