
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 28ին ճանաչողական կարճատեւ այցով ԼՂ մեկնած են Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ Տանիեն Ապատը (Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Միշել Ռեւազը (Եւրոպական կանաչներու միութիւն)՝ Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան փորձագէտ Նիքոլաս Զիլպերկլայտի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Հիլտա Չոպոյեանի ուղեկցութեամբ: Պատուիրակութեան ուղեկցած են նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Վահան Յովհաննիսեան եւ Արա Բաբլոյեան:
Նոյն օրը ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ընդունելով հիւրերը՝ հակիրճ կերպով անոնց ներկայացուցած է Արցախի մէջ անկախ պետականաշինութեան ուղին, նշելով, որ անիկա հետեւողականօրէն եւ անշեղ կերպով կ՛իրականացուի ժողովրդավարութեան համընդունելի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն հիման վրայ։ ԼՂՀ ԱԺ նախագահը տարակուսանք յայտնած է, որ ամէն անգամ եւրոպական կառոյցները որոշակի դժկամութեամբ կ՛արձագանգեն Արցախի մէջ իրականացուող նախագահական, խորհրդարանական կամ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու իւրաքանչիւր ընտրութեան փաստին։ «Այդ դէպքում ակամայ հարց է ծագում՝ ի՞նչ է ուզում Եւրոպան. որ Լեռնային Ղարաբաղում իշխանութիւն չձեւաւորուի՞, մանաւանդ՝ ընտրովի իշխանութիւն», ըսած է ան։ Իր խօսքի աւարտին խորհրդարանի նախագահը յիշեցուցած է Եւրոխորհրդարանի 1989ի դրական դիրքորոշումը՝ ղարաբաղեան շարժման հարցին գծով, երբ զայն որակած էր իբրեւ միանգամայն ժողովրդավարական։
«Անձամբ մեզի համար դժուար է ըսել, թէ ի՛նչ լուծում կը ստանայ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը», իր կարգին նշած է Ռեւազ ու աւելցուցած, թէ իր կարծիքով, հնարաւոր է այսօր իսկ փոխադարձ շփման եզրեր հաստատել եւրոպական կառոյցներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն միջեւ՝ իրականացնելով տարբեր ծրագիրներ, մանաւանդ մարդասիրական ու հասարակական-տնտեսական բնոյթի խնդիրներու լուծման ասպարէզին մէջ։
Նոյն համաթեքսթին մէջ կարեւոր համարելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը՝ զրոյցի մասնակիցները ուրուագծած են համագործակցութեան հաստատման ուղիներն ու միջոցները, եւ միտքեր փոխանակած՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ներկայ փուլին եւ հնարաւոր զարգացումներուն մասին։
Պատուիրակութիւնը, նոյն օրը, հանդիպում ունեցած է ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, ինչպէս նաեւ այցելած՝ Ստեփանակերտի թիւ 1 դպրոցը եւ ԼՂ փախստականներու միութեան անդամներուն։
Նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի եւ եւրոպական հանրութեան միջեւ կապերու ընդլայնման, ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Արցախի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է հաւասարակշռութեան եւ բազմաուղղուածութեան սկզբունքներուն վրայ, եւ այս ծիրէն ներս, Արցախի հանրապետութիւնը շահագրգռուած է ըստ ամենայնի խորացնելու յարաբերութիւնները եւրոպական տարբեր կառոյցներու հետ: