ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՎԵՐՋ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին լուսարձակներու տակ է: Դեռ ժամանակ մըն ալ պիտի մնայ, քարոզչական եւ ներքին սպառման համար, Թուրքիա եւ հայաշխարհ:
Նորոգութիւն, որուն համար ծախսուած գումարը չեն վարանիր յիշեցնել թրքական իշխանութիւնները: Եկեղեցիին վրայ խաչ դնելու, չդնելու, կէս դնելու լուրեր:
Զուգահեռ, կը յայտնուին իսլամացած հայեր: Ինչո՞ւ պարզապէս չըսուիր թրքացած հայեր, քանի որ կրօնափոխութիւնը, պարտադրուած կամ երեւութապէս կամաւոր, հաւատքի չէ առնչուած, այլ՝ սպանութենէ խուսափելու:
Միջազգային լրատուութիւնը, ցուցականի հետամուտ եւ մանաւանդ լուսանկարներու, տեղեկութիւններ սփռեց, եւ մենք գոհ մնացինք, ինչպէս միշտ, երբ մեր մասին խօսուած է:
Հակառակ մեր բազմապիսի փորձառութիւններուն, դեռ չենք սորված, որ հանրային կարծիքի յիշողութիւնը կարճ է եւ ուշագրաւ լուրերը կը մարին օր չանցած՝ նորերուն տեղ տալով:
Աղթամարի եկեղեցիին շուրջ ստեղծուած աղմուկը (աղմուկ՝ մեզի համար, որ չի մրցիր ֆութպոլի խաղի մը հետ) կամ երբեմն յիշուող հինգ միլիոն թրքացած հայերու պարագան, տեղ մը, միջազգային իրաւասու ժողովի մը օրակարգի նիւթ եղա՞ն:
Կամ Սփիւռքը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշակեցի՞ն պահանջի եւ լուծման առաջարկներու ռազմավարութիւն մը այս հարցերուն գծով, որպէսզի պատմութեան ընթացքին գործուած չարաղէտ դէպքերը սրբագրուին:
Բայց թուրքերը հետեւողական են, արդէն կը փակեն դռները՝ յայտարարելով, որ Անատոլուն անդառնալիօրէն իրենց կը պատկանի, որ Վանը ուրարտական է, իսկ ուրարտացիները, կըսեն, քիւրտերու նախնիներն են: Ենթադրե՞նք, որ թուրքերը յանկարծ դարձած են քիւրտերու իրաւունքի պաշտպան: Իսկ քիւրտերը անոնց չեն սպասած յայտարարելու, որ Վանը, Կարսը եւ այլ վայրեր իրենց կը պատկանին:
Անտէր աւարը բաժնուելու խօսքեր:
Ի՞նչ կ՛ընենք մենք: Աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ բանի տէր ենք, ի՞նչ կը պահանջենք, ի՞նչ կը հետապնդենք եւ ինչպէ՞ս ու որո՞նց հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ի վեր բարեսիրական-բիզնեսային եւ հայրենասիրական տուրիզմով կը զբաղինք ազգովին, բախտաւոր պարագային, անցեալի Մեծ տէրութիւններու անլոյծ օրակարգ Հայկական հարցը կծկած-կոծկած ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման չանհանգստացնող բարոյական զսպաշապիկին մէջ, զոր թարմացուցինք Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութիւն մուտքին դէմ նախաձեռնութիւններով, այն միամիտ ինքնաթելադրութեամբ, որ Եւրոպայի երկիրներու առաջնորդները տիրացու են եւ իրենց հոգերուն մաս կը կազմեն հայերու անցեալի եւ ներկայի ցաւերը: Այս՝ հայկական «հզօր Սփիւռքը», ինչպէս կ՛ըսուի, Հրազդանէն մինչեւ Փոթոմաք, երբ ճառ կը զարդարենք:
Հայկական «հզօր Սփիւռքը», որ դեռ քառորդ դար առաջ ինքզինք տէր կը համարէր բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի եւ չէր խուսափեր ցուցական նախաձեռնութիւններէ, անոր ազատագրութեան առաջադրանքով տեղ մը ներկա՞յ է:
Ազատագրութեան հարցը իր տեղը տուած է Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ նիւթական հատուցումներու պահանջի: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատահեցա՞ւ, որ յայտարարէ, թէ ինք տէր է այդ բռնագրաւեալ Հայաստանի, որպէսզի ԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ըլլայ: Այլ խօսքով, միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին գոյութիւն ունի՞ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ:
Իմաստուն քաղաքագէտներ կըսեն, թէ պատմութիւնը վերստին չի գրուիր կամ նման մտածումներ ծաւալապաշտական են, ազգայնականութիւն են, եզրակացնելու համար, որ ցնորական են:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ «սովետ»ի քաղաքականութիւնը, նոր տարազումներով: Անցեալին կ՛ըսէին, որ Խորհրդային Միութիւնը պահանջ չունի Թուրքիայէն, ներկայիս կ՛ըսեն, թէ պէտք է փրկել եղածը, 29,000 քառակուսի քիլոմեթրը: Եթէ այս է ազգային առաջադրանքը, պատմութիւնը կը փակէ իր օղակը եւ ամենայն պարզութեամբ կարելի է հարց տալ, թէ ի՞նչ բանի կը ծառայեն Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը, այդ ուղղութեամբ ՄԱԿի բեմէն ըսուած խօսքերը, որոնք առաւելաբար կը ծառայեն, կրկնենք, ներքին սպառման, Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութիւն մուտքի խոչընդոտումը, բռնագրաւեալ Հայաստանի մէջ մնացած կոթողներու պաշտպանութիւնը, եթէ թոյլ տուողներ ըլլան այդ պաշտպանութեամբ զբաղելու:
Իսկ տեղ մը օրակա՞րգ է թրքացած հայերու վերահայացումը:
Սփիւռքը, քսաներորդ դարու վերջին քառորդին բաղդատած, այս հիմնահարցերուն գծով բացորոշ նահանջի մէջ է: Այս նահանջը բացատրող ներազգային եւ արտազգային ծանօթ եւ ինքնարդարացման համար յիշուող պատճառներ կան: Միջինարեւելեան երկիրներէն տեղի ունեցած արտահոսքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք արտագաղթի բացասականութիւնը, որ դեռ կը շարունակուի:
Հայ ժողովուրդը այսօր դատարկուած է ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵՆԷ: Այս հաստատումը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար բանաձեւել այլ կերպ. անկարող եղած ենք այդ գաղափարախօսութիւնը ներշնչելու զանգուածին, հանրապետութեան թէ սփիւռքի մէջ: Իսկ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութենէն տեղի ունեցած աղէտ-արտագաղթը հակասութիւնն էր ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ:
Չխօսեցանք այս հիմնական հարցերուն մասին եւ հանրապետութեան մէջ տարուեցանք դիրքապաշտական-շահապաշտական պայքարներով եւ սփիւռքներու մէջ՝ աթոռ-աթոռակներով, երբեմն ալ շարունակելով աշխարհի համար աւարտած Պաղ պատերազմը, որ կը ծառայէ ողջ մնալու թափահարումներու:
Այսօր հարկ է պատասխանել վերեւ ներկայացուած հարցումներուն. ի՞նչ բանի տէր ենք, ի՞նչ կը պահանջենք, ի՞նչ կը հետապնդենք եւ ինչպէ՞ս ու որո՞նց հետ: Միտքերը այնքան պղտորած են, որ բռնագրաւուած Հայաստանը կը կոչենք ՊԱՏՄԱԿԱՆ, այսինքն՝ գիրքերու մէջ մնալու կամ տիտղոսաւոր գիտուններու ուսումնասիրութեան առարկան ըլլալու դատապարտուած:
Ինչ որ կը հետապնդենք, ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱՄԲՈՂæԱՑՈ՞ՒՄ Է, թէ՞ այլ բան, որուն անունը պէտք է տալ: Աւելի մեծ անպատասխանատուութիւն, երբ այդ այլ բանի անունը չի տրուիր: Կը նշանակէ, որ ՀՐԱԺԱՐՈՒՄՆԵՐ կան:
Վերջին ամիսներուն Ֆրանսայի մէջ ծագած ԵՐԵՒՈՒԹԱՊԷՍ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊը դիպուկ օրինակ է: Մասնակիի, տեղականի եւ անմիջականի ոչ անպայման օգտակար ենթակայութիւն, որ սփիւռքը կընդունի որպէս վերջնական, հայուն ձեռք բերած քաղաքացիութիւնները կը գերադասուին հարազատ ազգի պատկանելիութեան, հետեւաբար ազգային պատմութիւն, անկէ բխած աւանդութիւններ եւ արժէքներ կը ստորադասուին տեղականի, հիւրընկալ երկրի արժէքներուն եւ օրէնքներուն:
Հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ հայածնունդ անձը կը դառնայ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅ, ազգայինը կը դադրի գերադաս ըլլալէ: Կ՛որդեգրուին կենցաղ, բարք, տարբեր մշակոյթ, տարբեր լեզու:
Կը դադրինք շարունակութիւն ըլլալէ վերջնական անհետացումէ առաջ:
Ոմանք դեռ ոստում մըն ալ կը կատարեն, ինչպէս՝ Անի քաղաքի բանալիները օտարին յանձնող Վեստ Սարգիսը, ինքնութիւն կազմող ազդակները անգիտանալով եւ Օսմանի կայսրութեան «ֆլայ»ի հոգեբանութիւնը շարունակելով: Այս կեցուածքներով ո՛չ ազգի եւ հայրենիքի միացում կիրականանայ, ո՛չ ազգ կը պահուի, ո՛չ հարազատ մշակոյթի տիրութիւն ու զարգացում կը շարունակուին:
Կը յանդգնի՞նք «մատներու արանք»էն չդիտել ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆը:
Հայը կը հետեւի՞ ազգային իրաւունքէ եւ ինքնութենէ բխած առաջնահերթութիւններու:
Մի՞թէ այնքա՜ն մաշած ենք, որ «բիզնես» եւ «էսթեպլիշմընթ» դարձած են սոսկ նպատակ, որ կը խամրի տիտղոսներու անապատային արեւուն տակ:
Պիտի կարենա՞նք ցոյց տալ հակառակին իրաւ եւ ոչ ճառային փաստերը, «Անդաստան» կարդալու պէս, արեւելեան, արեւմտեան, հիւսիսային եւ հարաւային կողմերն ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի:
Չե՞նք սարսափիր, որ օր մը եթէ ուզենք «Անդաստան» կարդալ, լսողներ պիտի չգտնենք:
Կրկին մտածումս կ՛երթայ Սոկրատի, որ կ’ըսէր, թէ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան՝ անոնց տրուած պատասխանները: