
ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 19ին լրագրողներու հետ կայացած զրոյցի մը ընթացքին ԵԽԽՎի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտարարած է, թէ այն փաստը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն խոչընդոտած ընդդիմութեան վարած բողոքի գործողութիւնը կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մօտ, ուր կ՛ընթանար Եւրոպայի Խորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն յանուն ապագայի» ժողովը՝ դրական կը համարուի։
«Եթէ երկրում կան խնդիրներ, չպէտք է թաքցնել դրանք, եւ այդ իմաստով իշխանութիւնների «բարեհաճութիւնը» ցուցարարների հանդէպ յուսադրող է», նկատել տուած է Ռուստամեան՝ կոչ ընելով զերծ մնալու «քաղբանտարկեալ» հասկացողութենէն, քանի որ ատիկա ոչ թէ քաղաքական, այլ ամբողջութեամբ իրաւական ձեւակերպում մըն է: «Նման տեսակէտ ունի նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդը», հաւաստիացուցած է Ռուստամեան:
Ան միաժամանակ նշած է, որ ժողովրդավարութեան իմաստով Հայաստանի մէջ կան շատ լուրջ խնդիրներ: «Օրինակ, Հայաստանում կան մարդիկ, որ իրենց պետութիւնից վեր են դասում, պետութեանը հարկադրում են ծառայել իրենց նպատակներին: Եւ ընդհակառակը, կայ դաս, որը լիովին զրկուած է պետութեան ուշադրութիւնից», ըսած է Ռուստամեան: