
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2ին կայանալիք ընտրութեան նախօրեակին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ նահանգային շարք մը պաշտօնատարներու ընտրապայքարներուն, ամերիկահայութեան նեցուկ կանգնելու անոնց անցեալի գործելաոճը նկատի ունենալով:
ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ
Նահանգային քարտուղարի պաշտօնին համար, Հայ Դատը նեցուկ կը կանգնի Տեպրա Պոուընին, որ ներկայիս այդ պաշտօնին վրայ է: Անոր վերընտրութեան նեցուկ կանգնելու որոշումը տրուած է՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ երբ ան նահանգային խորհրդարանի անդամ էր, խորհրդարանին ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման բանաձեւը եւ նպաստած է անոր վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին: Ան նաեւ կարեւոր աշխատանք տարած է նահանգին մէջ քուէարկողներուն թիւը բարձրացնելու տեսակէտէն:
Յայտնենք, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղարը նահանգին ընտրական հարցերուն ու արխիւներուն պահպանման գլխաւոր պատասխանատուն է, եւ կ՛ընտրուի չորս տարին անգամ մը:
ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ՀԱՇՈՒԱՊԱՀ
Քալիֆորնիոյ գլխաւոր հաշուապահի (California State Controller) ընտրապայքարին մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է նպաստել ներկայիս այդ պաշտօնին վրայ գտնուող Ճան Չիանկի վերընտրութեան արշաւին, նկատի ունենալով, որ Չիանկ տարիներէ ի վեր մօտիկ կապեր ունի նահանգի հայութեան հետ, այն օրերէն, երբ ան նահանգի տուրքերու բաժանմունքին մէջ պաշտօնեայ էր: Ան համագործակցած է Հայ Դատի զանազան մասնաճիւղերու հետ ու քանի մը առիթներով նաեւ ներկայ եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկներուն: Անցեալ տարի, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցելով՝ Չիանկ փոքր գործարարներու յատուկ աշխատանիստ մը կազմակերպած էր:
ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԳԱՆՁԱՊԱՀ
Քալիֆորնիոյ գանձապահի պաշտօնին համար, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կը կանգնի ներկայիս այդ պաշտօնին վրայ գտնուող Պիլ Լաքյիրի ընտրապայքարին, նկատի ունենալով, որ անոր որդեգրած քաղաքականութիւնը նպաստաւոր է ամբողջ նահանգին համար: Ամերիկահայութեան շահերուն տեսակէտէն, Լաքյիր, երբ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ էր, միշտ նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերուն: Ան նաեւ նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութենէն ու հրէական ողջակիզումէն վերապրողներուն կամ անոնց ժառանգներուն կողմէ օտար ընկերութեանց դէմ դատեր բանալու իրաւասութեան:
Յայտնենք, թէ ամերիկահայութեան ի նպաստ անոր կեցուածքներուն համար, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 2001ին, Լաքյիրին շնորհած էր իր «Տարուան անձնաւորութիւնը» մրցանակը:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՎԵՐԱՀՍԿԻՉ
Քալիֆորնիոյ հանրային ուսուցման կեդրոններու վերահսկիչի պաշտօնին համար, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կը կանգնի նախկին ուսուցիչ Թամ Թորլաքսընի ընտրութեան: Իբրեւ խորհրդարանի անդամ, ան արդէն իսկ բաւարար փորձառութիւն ունի կրթական համակարգէն ներս բարեկարգումներ իրականացնելու օրէնքներ վաւերացնելու ծիրէն ներս: Ան նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը նահանգային վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու գաղափարին ջատագովներէն մէկը եղած է եւ այս տարի նաեւ մասնակցած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկին:
Յիշեցնենք, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն իսկ յայտարարած էր, թէ նահանգապետի ընտրապայքարին մէջ նեցուկ կը կանգնի Ճերի Պրաունին, իսկ փոխնահանգապետի պարագային՝ Կեւըն Նիւսըմի: