
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յօդուածագիր ու պատմական նիւթերու հետազօտիչ Այշէ Հիւր, որ համարձակ մեկնաբանութիւններով միշտ լայն տեղ տուած է հայկական նիւթերու, Կիրակի, Հոկտեմբներ 17ին, «Թարաֆ»ի իր սիւնակին մէջ գրած է հայկական ահաբեկչական շարժումին ու Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան մասին: Ան նշած է. «Թուրք ժողովուրդը անշուշտ շատ ցնցուեցաւ 70 զոհեր տալով «ԱՍԱԼԱ»ի շարժումին։ Ժողովուրդը, որուն ուղեղը երկար տասնամեակներ ձմեռնաքունի մէջ էր՝ պաշտօնական տեսակէտ կոչուած պնդումներու ազդեցութեան տակ, այնքան պարպուած ուղեղ մը ունէր, որ ի վիճակի չէր հասկնալու, թէ պատմական ինչպիսի՞ յենակէտներով կը շարժէին այս յարձակումներուն հեղինակները։
«Յառաջիկայ տարիներուն, ինչպէս բազմաթիւ թուրք դիւանագէտներ ալ պիտի խոստովանէին այս հաւաքականութեան մէջ, ուր արտաքին քաղաքականութեան դիւանագէտներէն շատեր իսկ բաւարար տեղեկութիւն չունին 1915ի եղելութիւններուն մասին, պաշտօնական տեսակէտի պատմաբանները պատմութեան յետադարձ ընթերցումով մը եւ մեծ դիւրութեամբ կրցան թուրք հաւաքականութեան մէջ տեղաւորել այն մտածումը, թէ «Իթթիհատականները շատ իրաւացի եղեր են այս վտանգաւոր խմբակները մէջտեղէն վերցնել ուզելու մէջ»։ Արդիւնքն ալ այն եղաւ որ, Թուրքիոյ մէջ մտաւորական թուրքեր եւ ամբողջ ժողովուրդ մը, փոխանակ հասկնալ ջանալու ահաբեկչութեան հիմնակէտ դարձած պատմական դէպքերը եւ խօսելու անոնց մասին՝ կառչեցաւ պաշտօնական շրջանակներու վաղեմի այն քաղաքականութեան, ըստ որուն, հայերը դաւաճաններ էին, ներքին կամ արտաքին թշնամիներու խաղալիք էին եւ այլն։
«Եւ իբրեւ այս զարգացումին մէկ մասնիկը, արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտները, որոնք միշտ Թուրքիոյ ամէնէն ողջամիտ, ամէնէն պաղարիւն եւ ամէնէն փորձառու մարդիկը կը նկատուին՝ 34 զաւակներ զոհ տուած ըլլալու ազդեցութեան տակ, դարձան Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ ամէնէն ուժեղ հակազդեցութիւնը ցոյց տուողները։ Որովհետեւ արտաքին գործոց նախարարութեան համար հարցը այլեւս դարձած էր անձնական արեան դատ մը։ Հաւանաբար այս շատ կարծր վերաբերումին պատճառով է, որ Թուրքիա երբեք չի յաջողիր ամբողջացնել հայկական հարցի իրական բացուածք մը։
«Քեմալ Չիչեքի կամ Հալաճօղլուի նման անձերու շնորհիւ, այս խնդիրին մէջ ստեղծուեցաւ ներքին թշնամիի պատկեր մը, որ ունէր հինգ գլուխներ՝ հայ, քիւրտ, ալաուի, ձախակողմեան ու կրօնափոխ։ Այս հինգ գլխանի պատկերը, իսկապէս ալ յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ»։
Այշէ Հիւրի յօդուածին գլուխներէն մէկն ալ կը վերաբերի «ԱՍԱԼԱ»ի հիմնադրութեան հարցին։ Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ թուրքերը, հայերը նուաստացնելու նպատակով, միշտ պնդեցին, թէ հայերը առանձինն չէին կրնար հիմնել այսպիսի կազմակերպութիւն մը, եւ թէ հայերը կրնային ըլլալ միայն «կոմիտաճի» կամ օսմանեան պետութիւնը կռնակէն դաշունահարող դաւաճաններ։ Բայց այս պնդումը, կը շարունակէ Այշէ, արգելք չէր, որ անոնք միւս կողմէն ալ յիշեցնէին, թէ հայերը 1920ին հիմնած էին «Նեմեսիս» կազմակերպութիւնը, որ մէկ առ մէկ սպաննեց հայկական տեղահանութեան պատասխանատու նկատուած Թալաթ Փաշայի, Պահատտին Շաքիրի կամ Ճեմալ Ազմիի նման իթթիհատականները։
Այշէ Հիւր այսպէս կ՛եզրակացնէ. «Ի՜նչ հեգնանք. անոնք, որոնք օսմանեան պետութեան կողմէ անխղճօրէն սպաննուած հարիւրհազարաւոր հայերու նկատմամբ դոյզն իսկ զղջում կամ ցաւ չէին զգար, բնաւ անպատեհութիւն չտեսան, որ հայ վրիժառուներու կողմէ սպաննուած քանի մը զոհերը երկար տարիներ իբրեւ փաստ գործածեն, որպէսզի պնդեն, թէ հայերը արիւնարբու մարդիկ էին»։