
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7ի կէսօրին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագիր Մաքրուհի Յակոբեանի։ Յարգելի հիւրը, որուն կ՛ընկերանար իր եղբայրը՝ Գէորգը, առաջնորդ սրբազանին հետ ունեցաւ երկարատեւ զրոյց մը, ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ Պոլսոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ հայութեան մասին՝ որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդելով այն արարողութեանց ու յարակից զարգացումներուն մասին, որոնք տեղի ունեցան Սեպտեմբեր 19ին, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, ծանօթութիւններ տուաւ Ազգ. առաջնորդարանի բազմաճիւղ աշխատանքներուն մասին։ Նշենք, որ Մաքրուհի Յակոբեան առաջին անգամը չէ, որ Ազգ. առաջնորդարան կ՛այցելէ, սակայն ասիկա առաջին այցն էր առաջնորդարանի նոր շէնքի կառուցումէն ետք։ Այս առիթով, ան նաեւ ծանօթացաւ շէնքի տարբեր բաժիններուն։
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդ սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն։