
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած յարաբերութիւնները բարելաւելու արձանագրութեանց առաջին տարեդարձին առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը կոչ ըրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ քաշուին այդ գործընթացէն՝ զայն հայութեան պատմական իրաւունքներուն վնաս հասցնող գործընթաց մը նկատելով:
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, թէ արձանագրութեանց գործընթացը արդէն իսկ բաւարար վնասներ պատճառած է հայութեան, ու միաժամանակ կը շեշտուի հայութեան իրաւունքները ապահովելու նպատակով՝ հայկական միացեալ ճակատ մը կազմելու կարեւորութիւնը: