ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՓՈՒԼԸ
Ինչպէ՞ս Դիմագրաւել Ազերիաթրքական Հակահայ Ապատեղակատուութիւնը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ուշադրութենէ չի կրնար վրիպիլ, որ վերջին տարիներուն Ատրպէյճան ու Թուրքիա, ուժերու եւ հնարաւորութեանց առաւելագոյն լարումով ու ակնբախ համակարգումով, թափ տուած են Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Արցախեան պահանջատիրութեան դէմ քարոզչական ծաւալուն պատերազմին։
Ատրպեճանական եւ թրքական ուղղակի թէ անուղղակի քարոզչամիջոցները ընդհանուր գրոհի անցած են՝ հակահայ ապատեղեկատուութեան բոլոր ճակատներուն վրայ։ Ի գործ կը դնեն քարոզչական պատերազմի ոչ միայն «դասական զէնքերու» ամբողջ զինանոցը, այլեւ՝ միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու նորահնար միջոցներն ու եղանակները։
Սուտով ու կեղծիքով Արցախեան Հարցի էութիւնը խեղաթիւրելու ազերիական ու թրքական քարոզարշաւը նոր երեւոյթ չէ։
Նոյնպէս նորութիւն չէ հայն ու Հայաստանը իբրեւ նախայարձակ ներկայացնելու, իսկ ազերի թուրքը իբրեւ «զոհ» գովազդելու եւ միջազգային «կարեկցանք»ի արժանացնելու ազերիաթրքական քարոզարշաւը։
1988ի Արցախեան պահանջատիրութեան շղթայազերծումէն ի վեր գործած է քարոզչական այդ ալաթուրքա մարտավարութիւնը։
Նորութիւնը այդ հակահայ քարոզչութեան եւ ապատեղեկատուութեան արշաւին վերջերս ստացած յարձակողական բնոյթն է։
Օգտուելով հայեւթուրք յարաբերութիւններու կանոնակարգման եւ բնականոնացման ուղղութեամբ Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց փութկոտ քայլերէն, ազերիաթրքական միացեալ ճակատը աստիճանաբար անդին անցաւ երկար ժամանակ իր կիրարկած պաշտպանողական մարտավարութենէն՝ յարձակողականօրէն ընդհանուր գրոհի ձեռնարկելով Արցախեան պահանջատիրութեան իրաւական ու քաղաքական հիմքերուն դէմ։
Առանց դադար տալու պատմական ճշմարտութիւնները շրջուած ներկայացնելու հակահայ իր մնայուն քարոզչութեան, ազերիաթրքական նորօրեայ գրոհը լծուած է նաեւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջին քսանամեակի իրողութիւնները եւ զարգացումները, սուտ ու շինծու փաստարկներով, խեղաթիւրելու եւ հակահայ տրամադրութիւններու տարածման ծառայեցնելու քարոզչական պատերազմին։
Հասկնալի է, որ Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս պահանջատէր հայութեան բաղդատած՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա օժտուած են նիւթական ու քաղաքական գերակշիռ ներուժով, որպէսզի զօրեղի դիրքերէն մղեն քարոզչական այս յարձակողական պատերազմը։ Իրաւունքի եւ Արդարութեան առումով անոնց տկար դիրքերը փոխարինելու եւ ուժեղացնելու կու գան մեծապետական քաղաքականութեան մէջ ազերիաթրքական «բաժնետոմսերուն» վայելած «հասութաբեր» եւ «ախորժագրգիռ» առաւելութիւնները…
Այդ հաշուարկով ալ, նաեւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ իրենց պարտադրած շրջափակումին որոշակի արդիւնաւորումէն մեկնելով, Պաքուի եւ Անգարայի վարիչները կը փորձեն, քարոզչական ընդհանուր յարձակողականով մը, մեծապետական աշխարհը դնել այսպէս կոչուած «Ատրպեճանական հողերու գրաւման վերջ տալու» պարտաւորութեան առջեւ։
Դժբախտաբար քարոզչական պատերազմի մէջ չկան մնայուն ճշմարտութիւններ եւ անվիճելի իրողութիւններ։ Տարիներու թաւալումին հետ յիշողութիւնները կը տկարանան կամ սերունդ կը փոխուի, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ գրեթէ զերոյէն սկսիլ միջազգային հանրային կարծիքը իրազեկելու, լուսաբանելու եւ ճշմարտութեան տեղեակ ու գիտակից դարձնելու աշխատանքը։
Տարբեր չէ պարագան Ղարաբաղեան հակամարտութեան քարոզչական պատերազմի այս փուլին։
Ազերիաթրքական հակահայ քարոզչութեան մերօրեայ աշխուժացումն ու յարձակողականը փաստօրէն «կը քաջալերուին» նորահաս հանրային կարծիքի, ինչպէս նաեւ մեծապետական քաղաքականութեան բեմահարթակներուն վրայ երեւան եկած երիտասարդ գործիչներու անիմացութենէն ու անտեղեակութենէն՝ Արցախեան հակամարտութեան ոչ միայն պատմական հոլովոյթին, այլեւ վերջին քառորդ դարու զարգացումներուն վերաբերեալ։
Կը նշանակէ, որ Արցախը, Հայաստանը եւ ողջ իրաւատէր հայութիւնը մատնուած են պաշտպանողական դիրքերու, որովհետեւ պէտք է կարենան պատմական ճշմարտութիւնները եւ Արցախեան հարցի իրաւական ու քաղաքական էութիւնը նորովի պաշտպանել ազերիաթրքական խեղաթիւրումներուն դէմ։
Արցախէն ու Հայաստանէն մինչեւ Մոսկուա, Փարիզ եւ Ուաշինկթըն, անցնելով միջազգային քաղաքականութեան վրայ ազդելու դոյզն հնարաւորութիւնն իսկ ընձեռող բոլոր մայրաքաղաքներէն, հայկական քարոզչամիջոցները իրենց սահմանափակ զէնքերն ու հնարաւորութիւնները պարտին ի մի բերել ու համադրել, որպէսզի կարենան պարտութեան եւ ընկրկումի մատնել ազերիաթրքական նոր գրոհը նոյնինքն Իրաւունքի եւ Արդարութեան դիրքերուն վրայ։
Չի բաւեր, որ Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց կողքին ունին Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
Չի բաւեր, որովհետեւ թշնամին հարուածի տակ առած է նոյնինքն Իրաւունքն ու Արդարութիւնը՝ 21րդ դարու պայմաններուն մէջ անգամ իր «սուրին» վստահելով սուտն ու կեղծիքը իբրեւ ճշմարտութիւն եւ օրինականութիւն հաստատագրելու ուժը…
Հակահայ քարոզչութեան նորագոյն այս գրոհը դիմագրաւելու եւ պարտութեան մատնելու համար, Հայաստանն ու հայութիւնը պէտք ունին 1988–1992 ժամանակաշրջանի ներշնչումով համազգային զօրաշարժի։
Զօրաշարժ՝ որուն յառաջապահ եւ դրօշակիր ուժը անկասկած հայոց պետականութիւնն է, որուն ղեկին այսօր կանգնած իշխանութիւններէն կը պահանջուի համազգային պատասխանատուութեան ոգի, որպէսզի ազերիաթրքական վտանգին դէմ միասնաբար շարժման մէջ դրուի մեր ժողովուրդին ամբողջական ներուժը։
Իրաւունքի եւ Արդարութեան համար բոլոր ուժերով պայքարելու յանդգնութիւնը: