ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուած է նիւթ մը, որուն ճամբով պատասխան կը տրուի շարք մը հարցերու վերաբերեալ հարցումներուն: Հայկական Ցեղասպանութեան բաժինին մէջ կը նշուի. «Թուրքիա միակ երկիրն է, ուր ազատօրէն կը քննարկեն 1915ի իրադարձութիւնները։ Իրականութեան չեն համապատասխաներ այն պնդումները, թէ Թուրքիոյ մէջ որոշ մարդիկ այդ առնչութեամբ քրէօրէն հետապնդուած են Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածով, որովհետեւ ո՛չ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածը, ո՛չ ալ որեւէ այլ յօդուած կը բովանդակէ «Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը» քրէականացնող դրոյթներ։ Բացի ատկէ, Թուրքիոյ մէջ կարելի չէ գտնել մէկը, որ դատապարտուած ըլլայ 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն անուանելուն համար։ Միւս կողմէ, հակառակ շարք մը պետութիւններու, ուր կը գործեն «Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող» օրէնքներ, Թուրքիոյ մէջ կը վաճառուին եւ կը հրապարակուին այնպիսի գիրքեր եւ յօդուածներ, որոնց մէջ 1915ի իրադարձութիւնները կը ներկայացուին իբրեւ Ցեղասպանութիւն։ Բացի ատկէ, այդ գիրքերու շարքին կարելի է գտնել այնպիսի աշխատութիւններ, որոնք զուտ գիտական աշխատութիւն ըլլալէ բացի, իրենց մէջ կը ներկայացնեն քարոզչական նիւթ»։
Ըստ երեւոյթին, վերոյիշեալ տողերը գրուած են Երկիր մոլորակէն, կամ առնուազն Թուրքիայէն հեռու ապրած մարդոց կողմէ, որոնք չեն կարդացած, թէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատողները ինչպէ՛ս կը հալածուին Թուրքիոյ մէջ: Անոնք ոչ միայն դատական համակարգին զոհերը դարձած են, այլ նաեւ իրենց կեանքը տուած են՝ պարզապէս այս պատմական իրողութիւնը հաստատելուն համար:
Այս անհիմն պնդումը կ՛անտեսէ այն իրողութիւնը, որ թրքական օրէնսգիրքերուն մէջ «Հայկական Ցեղասպանութիւն» բառերը միասնաբար չկան, որովհետեւ զանոնք իրարու քով դնելու առաջարկ ներկայացնողը՝ «մաքրագործուած» է:
Տխրահռչակ թիւ 301 յօդուածը, որ պատժելի կը դարձնէ Թուրքիան վարկաբեկելու արարքը, այնքան ընդարձակ է, որ առիթը կու տայ դատական համակարգին հետապնդելու բոլոր անոնք, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ պաշտօնական քաղաքականութիւնը: