Կիրակի, Հոկտեմբեր 17ին, ա-ռաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորականներուն, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցւոյ «Զօրայեան» թանգարանին պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ երեկոյեան ժամը 5ին:
Թանգարանին բարերարներն են Արեւմտեան թեմէն ներս երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող եւ Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ կնքահայրերէն ու բարերարներէն՝ տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Վըրժինիա Զօրայեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.