Արեւմտեան թեմէն ներս երկարատեւ ծառայութիւն մատուցած եւ Թեմական խորհուրդի նախկին ատենապետ, իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանին հայրը՝ Գրիգորը, Սեպտեմբեր 24ին իր մահկանացուն կնքեց «Արարատ տան» մէջ: Հանգուցեալին «Եկեղեցւոյ կարգ»ը առաջնորդին գլխաւորութեամբ Սեպտեմբեր 25ին կատարուեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կարդացուեցաւ հանգուցեալին կենսագրականը, որուն մէջ կ՛ըսուէր, թէ Գրիգոր Կանիմեան ծնած է 1920ին, Մարաշ, ու իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Կիպրոսի «Մելքոնեան» հաստատութենէն ներս: 1940ականներէն սկսեալ, իբրեւ ուսուցիչ ինքզինք նուիրած է կրթելու Լիբանանի Ռայագ գիւղի մատաղ սերունդը: Ապա եղած է տնօրէն՝ Դամասկոսի Ս. Թարգմանչաց հայկական վարժարանին: Ուսուցչական իր նուիրեալ ծառայութիւնները երկար տարիներ շարունակած է Լիբանանի մէջ: Ան նաեւ եղած է ՀԲԸՄի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի Խնամակալ մարմինի անդամ եւ ատենապետ: Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելով, ան «Թէքէեան» մշակութային միութեան Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղին միջոցաւ շարունակած է իր ազգային գործունէութիւնը, ու մեծ դեր ունեցած է «Պէշկօթիւրեան» կեդրոնի գնման եւ կառուցման աշխատանքներուն մէջ:
Հանգուցեալի ծննդեան 85ամեակին առթիւ, առ ի գնահատութիւն իր յիսնամեայ ազգային-կրթական-եկեղեցական բեղուն գործունէութեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի միջնորդութեամբ, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս զինք պարգեւատրած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի անուան շքանշանով:
Ապա կարդացուեցաւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի ուղարկած ցաւակցագիրը, որմէ ետք առաջնորդը խօսեցաւ դամբանականը եւ վեր առաւ հանգուցեալին ազգային-եկեղեցական, կրթական-դաստիարակչական եւ եկեղեցանուէր ծառայութիւնները: Ան նաեւ ընթերցեց այս առիթով Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ղրկած ցաւակցագիրը:
Ժոզէֆ Կանիմեան իր եւ իր ընտանիքին անունով խորին երախտագիտութիւն յայտնեց կաթողիկոսին՝ իր ուղարկած ցաւակցագիրին համար, ինչպէս նաեւ իր շնորհակալութիւնները՝ առաջնորդ Պարսամեանի ուղարկած ցաւակցագիրին համար: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ բազմիցս այցելութիւններ տուած էր իր հօր եւ աղօթած անոր քաջառողութեան համար: Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը, առաջնորդին գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Հոլիվուտ Հիլզի «Forest Lawn» գերեզմանատան մէջ, որուն յաջորդեց հոգեճաշ՝ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.