
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, երէկ՝ Հոկտեմբեր 6ին, իր նստավայրին մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն, Ռապըրթ Պրատթքին, Իկոր Փոփովը եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:
Նախագահի մամուլի գրասենեակը հաղորդած է, թէ համանախագահները հանրապետութեան ղեկավարին հետ խօսած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս կայանալիք դաշտային գնահատման առաքելութեան ծրագիրին մասին, եւ ներկայացուցած են Ատրպէյճանի մէջ իրենց ունեցած քննարկումներուն արդիւնքները:
Համանախագահները վերահաստատած են, որ դիտարկման յաջորդ հանգրուանին, ուսումնասիրութեան առարկայ պիտի դառնան Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի տարածքները: Անոնք շեշտած են, որ նաեւ պիտի օգտագործեն առաջին իսկ հնարաւորութիւնը Նախիջեւանի մէջ այցելելու համար հիմնայատակ աւերուած æուղայի գերեզմանոցը, ուր ոչնչացուած են հայկական տասնեակ հազարաւոր յուշարձաններ՝ միջնադարեան եզակի խաչքարեր: