ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարդոց առաջնորդելու համար, քալէ անոնց հետ… Լաւագոյն ղեկավարները անո՛նք են, որոնց գոյութիւնը չեն նկատեր մարդիկ։ Յաջորդ լաւագոյնները անոնք են, որոնց մարդիկ կը պատուեն ու կը մեծարեն։ Յաջորդ լաւագոյններէն մարդիկ կը վախնան, իսկ ասոնց յաջորդող լաւագոյններուն մարդիկ կ՛ատեն…
Երբ լաւագոյն ղեկավարին գործը կ՛իրականանայ, մարդիկ կ՛ըսեն. «Մե՛նք ինքներս ըրինք ատիկա»։
ԼԱՕ–ՑՈՒ
Տպագիր մամուլը շատոնց կորսնցուցած է իր առաջնային դիրքը իբրեւ լրատուական կամ նոյնիսկ քարոզչական աղբիւրի։
Հաղորդակցութեան միջոցներու անընդհատ կատարելագործումով եւ ելեկտրոնային արհեստագիտութեան յեղաշրջող թափով՝ տպագիր մամուլը բնականաբար անցեալի իր յառաջապահ դիրքը զիջած է զանգուածային լրատուութեան աւելի արագ միջոցներուն եւ, յատկապէ՛ս, արբանեակային հեռուստատեսութեան։
Աւելի՛ն. զանգուածային լրատուութեան հեռարձակ միջոցներն անգամ իրենց յառաջապահ դիրքերը սկսած են զիջիլ արհեստագիտական աւելի կատարելատիպ իրագործումին՝ համակարգչային փոքր պաստառներուն, որոնք վայրկեանը վայրկեանին մարդ անհատին հաղորդ ու իրազեկ կը դարձնեն տեղեկութեանց եւ լուրերու անսպառ ու յարափոփոխ աշխարհին։
Հետեւաբար վճռահատուած ու փակուած է թղթածրարը մէկ կողմէ տպագիր եւ միւս կողմէ ելեկտրոնային լրատուութեանց միջեւ բաղդատական արժեւորումներու բանավէճին։ Արագութեան եւ մատչելիութեան իմաստով տպագիր մամուլը մրցունակ չէ այլեւս, թէեւ կեդրոնացումի եւ ընկալման առումով տակաւին կը շարունակէ մնալ ամէնէն ապահով եւ կայուն զրուցակիցը ընթերցող այն հասարակութեան, որ դեռ ի վիճակի չէ լիարժէք օգտուելու ելեկտրոնային յեղափոխութեան պարգեւած… դիւրութիւններէն եւ առաւելութիւններէն։
Կայ աւելի՛ն ալ. խորքին մէջ տպագիր մամուլը իր կարգին նետուած է ելեկտրոնային արագ հաղորդակցութեան յորձանուտին մէջ։ Այլեւս դժուար է հանդիպիլ ինքզինք յարգող մամլոյ որեւէ օրգանի, որ արդէն ստեղծած չէ ելեկտրոնային իր կայքէջը՝ տպագիր իր բնօրինակէն առաջ հասնելով ընթերցողներուն, որոշ բաժիններ նաեւ լսողատեսողական առումով մատչելի դարձնելով։
Միեւնոյն պատկերը կը պարզէ նաեւ հայ իրականութիւնը՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի
Տպագիր հայ մամուլը ամէն օր աստիճան մը աւելի դառնութեամբ կ՛անդրադառնայ իր սահմանափակումներուն, կաղացումներուն եւ տեղատուութեան։ Իսկ հայ թերթի ընթերցանութեան վայելքին կառչած ընթերցողները, իրենց կարգին, ամէն օր աստիճան մը աւելի կարօտախտով կ՛ափսոսան, որ այլեւս չկան համով–հոտով կարդացուող խմբագրականները, ակնարկները, տոմսերը կամ յօդուածները։
Այնքան ալ ենթակայական բնոյթ չունի այդ կարօտախտը, ոչ ալ յատուկ է միայն հայ թերթի ընթերցողին։
Աշխարհով մէկ զգալի են միւենոյն կարօտախտին այլաբնոյթ դրսեւորումները։
Եւ տարբեր ազգի, ցեղի, կրօնի կամ գաղափարաբանութեան պատկանող մարդիկ ամէն օր աստիճան մը աւելի անբաւարարութեան զգացումով կ՛անդրադառնան, որ ինկած են մեծ հակասութիւններով յատկանշուող ժամանակաշրջանի մը ոլորապտոյտին մէջ։
Կը գիտակցին, որ յառաջդիմութեան յաղթարշաւին եւ արհեստագիտական կատարելագործումներուն հետ խոտոր համեմատական է, նոյնիսկ ներհակ է առաջնորդող մտքի եւ ղեկավար կամքի տեղատուութեան ու ընկրկումի ակնբախ իրողութիւնը, որ տագնապ կ՛առաջացնէ ոչ միայն զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն եւ տեղեկատուութեան ու քարոզչութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ, այլեւ հասարակական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։
Եւ դժուար չէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ «քա՛ջ», «համարձակախօս», «մարտունակ», «գաղափարապաշտ» կամ «անկաշառ» հրապարակագրի կարօտախտը կը տարածուի նաեւ հասարակական կեանքի բոլոր մարզերէն ներս «իսկական», «charismatic» եւ «վստահելի» ղեկավարներու… սպասումին վրայ։
Նորահաս սերունդները, հայ իրականութեան մէջ թէ այլուր, բնականաբար նուազ սրութեամբ կ՛ապրին – եթէ կ՛ապրին – արհեստագիտական սերնդափոխութեան հետ եկող մարդ անհատի հոգեմտաւոր այս «սերնդափոխութեան» առաջացուցած անբաւարարութեան տագնապը։
Բայց առաջնորդող մտքի եւ ղեկավար կամքի միեւնոյն պահանջը, ինքնուրոյն դրսեւորումով, զգալի է նաեւ ու մանաւանդ նոր սերունդին մօտ, որ կենսափորձ չունենալով՝ անցեալի արժանաւորներուն կարօտախտը նուազ ծանրութեամբ կ՛ապրի։ Այսուհանդերձ՝ միւս կողմէ, ելեկտրոնային սեփական կայքէջերու միջոցաւ, կը դրսեւորէ իր մտածումներուն եւ մտահոգութիւններուն ազատ ու համարձակ արձագանգող ու համոզիչ պատասխան տուող յանդուգն զրուցակիցներու պահանջը։
Կը նշանակէ, որ ինչպէս տպագիր մամուլի փառքի ժամանակներուն, այնպէս ալ ելեկտրոնային տեղեկատուութեան ու լրատուութեան յաղթարշաւի մեր դարուն, հարցերուն հարցը կը մնայ քարոզչութեան ներուժին լիարժէք արդիւնաւորումը՝ առաջնորդող մտքի ուժականութեան շղթայազերծումովը ամէն կարգի կապանքներէ – արտաքին բռնադատումներէ թէ ներքին կաշականդումներէ։
Արագ հաղորդակցութեան եւ ելեկտրոնային արհեստագիտութեան կատարելագործումով՝ քարոզչութեան զանգուածային միջոցները առաւելագոյն լրջութեամբ կը դիմագրաւեն իրենց առաջնորդող պատգամը հիմնաւորելու, համոզիչ եւ խորաթափանց դարձնելու մարտահրաւէրը։ Այլապէս, կը դատապարտուին պղպջակի պէս պայթող ու կորսուող՝ միայն մակերեսային տպաւորութիւններ տարածող արդիական ու կատարելագործուած քարոզչամիջոցի ճակատագրին։
Չենք անտեսեր, անշուշտ, որ տեղեկատուութեան ու քարոզչութեան պայքարին մէջ կը գործեն նաեւ ուժեր, որոշապէս մեծագոյն լծակներ ունեցող ուժի կեդրոններ, որոնց համար նպատակակէտ է նոյնինքն անդիմագիծ ամբոխի եւ միայն սպառող զանգուածի առաջացումը։
Այդպիսիներուն համար առաջնորդող միտքը նոյնինքն մակերեսային տպաւորութիւններով առաջնորդուող հասարակութեանց «մշակում»ն է։
Բայց եթէ ի մտի ունինք ու կը տագնապինք մեր ժողովուրդին օրինակով լինելութեան հսկայական մարտահրաւէր դիմագրաւող ազգերու գալիքով, այդ պարագային արհեստագիտական յեղափոխութեան ընձեռած հնարաւորութիւններն ու առաւելութիւնները իրաւունք չունինք մսխելու մակերեսային տպաւորութիւններով առաջնորդուող հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ։
Առաջնորդող խօսքի եւ ղեկավար մտքի մարտահրաւէրը սուր կերպով դրուած է նաեւ մեր օրերուն՝ հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու կատարելագործման այս դարուն, որպէսզի իրենց քաղաքացիական լիարժէք մասնակցութեան ուղին գտնեն թէ՛ անհատ մարդիկ, թէ՛ կազմակերպ հաւաքականութիւնները։
Թէ՛ աշխարհի չորս ծագերուն, թէ՛ յատկապէս հայ իրականութեան մէջ։