
Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը առաւելագոյն թիւով մարդոց հասանելի դարձնելու նպատակով, Սերժ Թանգեան որոշած է իր նորագոյն ստեղծագործութեան՝ «Imperfect Harmonies»ին մէջ, 8րդ երգը հանդիսացող «Yes, Its Genocide»ը ձրիաբար բաժնել համացանցին միջոցաւ:
Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն երգը տարածելու նպատակով, Թանգեանի «Serjical Strike Records»ը կը գործակցի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու ՀԵԴի հետ:
Երգը կարելի է սեփականացնել՝ այցելելով Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի համացանցային կայքը՝ www.AYFwest.org:
Քարոզչական այս աշխատանքին ծիրէն ներս, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի անդամները վերջերս այցելած են «Ֆերահեան», «Մեսրոպեան», «Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանները՝ աշակերտներուն փոխանցելով այս արշաւին մասին, որուն նպատակն է ճնշում բանեցնել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային վրայ, որ կատարէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր նախընտրական խոստումը:
Արշաւին մաս կազմելու համար, այցելել www.anca.org/yesitsgenocide համացանցային կայքէջը:
