Թուրք ազգայնամոլներու կողմէ իրականացուած Անիի նամազին մասին բազմաթիւ ակնարկներ գրուած են թրքական մամուլին մէջ:
Ստորեւ կու տանգ հատուածներ՝ սոյն արարքը քննադատող երկու յօդուածագիրներու ակնարկներէն:
Ապտիւրրահման Տիլիփաքէն խիստ քննադատելի գտած է Պահչելիի գլխաւորած այս նախաձեռնութիւնը։ Ան կը գրէ. «Ես միշտ կը հարցնեմ, թէ ինչո՞ւ Սումէլայի կամ Աղթամարի մէջ մի՛շտ արարողութիւն չըլլայ, այլ՝ տարին մէկ անգամ։ Պահչելին չի՞ գիտեր, թէ Քուրանը կը հրամայէ, որ «անոնց աղօթատեղիները մենք մեզի հայրենիք չդարձնենք»։ Ինչո՞ւ Հէյպէլիի դպրեվանքը տակաւին գոց է։ Ինչո՞ւ (յունական) պատրիարքարանը «էքիւմենիք» չէ։ Ինչո՞ւ ասորի, հայ, յոյն կամ հրեայ աստուածաբանութիւն չկայ այս երկրին մէջ։ Միւս կողմէ իրական կատակերգութիւն է Ալփասլանի նուաճումին բանակը բերել ու սեղմել Անիի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ։ Յայտնի կը դառնայ, որ Պահչելին չի գիտեր, թէ երկիր մը նուաճելը ի՞նչ կը նշանակէ։ Ան նուաճումը պատերազմ, բռնագրաւում, կռիւ կը կարծէ։ Չենք գիտեր, թէ ո՞վ Անիի մէջ նամազի գաղափար տուաւ Պահչելիին, բայց յիշեցում մը ընենք։ Ինչպէս, որ կէս-բժիշկը՝ մարդը կեանքէ կը զրկէ, կամ կէս-հոճան՝ մարդը կրօնքէ կը զրկէ, այդպէս ալ կէս-քաղաքագէտը մարդը քաղաքականութենէ դուրս կը հանէ։ Այս տեսակ գրգռիչ ու կծու քացախի համ ունեցող քաղաքականութիւնը իր նպատակին չի ծառայեր։ Բայց Պահչելին կռիւի մշակոյթէն եկած քաղաքագէտ մըն է, եւ այդ պատճառով, նման քայլերու կը դիմէ»:
Իր կարգին, հրապարակագիր Միւմթազեր Թիւրքէօնէ կասկածելի կը նկատէ Անիի մէջ մատուցուած նամազը, սակայն դիտել կու տայ, որ այդ արարքը հաւանաբար պատասխան մըն էր Աղթամարի մէջ մատուցուած պատարագին: «Անիկա այս կերպով թէ՛ Աղթամարի մէջ պատարագ մատուցողներուն, թէ՛ այս արտօնութիւնը տուողներուն տուաւ այն պատգամը, եւ թէ այս հողերը մեզի կը պատկանին», կը գրէ ան՝ աւելցնելով, թէ ազգայնամոլները կը յուսան նման քայլերով սիրաշահիլ իրենցմէ հեռացած քաղաքացիները: Ան նաեւ կը յիշեցնէ, թէ թուրքերը Անատոլու եկած վերջին ժողովուրդն են, «եւ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ թուրքերը այս հողերէն հեռացնել: Ուրեմն, 3 միլիոննոց Հայաստանը լուրջ վտանգ մը նկատելով՝ այս հարցը փոխադրել թուրք ազգայնապաշտութեան կալուածէն ներս՝ նեղմտութիւն է. անիկա Թուրքիոյ հորիզոնը պզտիկցնել կը նշանակէ»։