
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, վկայակոչելով թրքական դիւանագիտական անանուն աղբիւրներ՝ կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը վերականգնելու համար, վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են հայ եւ թուրք գործընկերներու հետ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ «Զուիցերիան որոշ ժամանակ առաջ մեզի հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց ու տեղեկացուց, թէ կ՛ուզէ վերսկսիլ սառեցուած հոլովոյթին։ Մենք փոխանցեցինք, որ մեզի համար որեւէ խնդիր չկայ։ Կարելի է ըսել, որ անոնք նոյն առաջարկը ըրած են նաեւ Երեւանին:
«Մենք կ՛ուզենք Հայաստանի հետ հաստատել բարի դրացիական յարաբերութիւններ։ Հոլովոյթի սառեցումին սկսաւ Հայաստանը, հետեւաբար արձանագրութիւնները նորէն տաքցնելու համար պէտք է քայլ առնէ նոյնինքն Հայաստանը։ Մեր դռները միշտ բաց են բարի նպատակներով մերձեցման համար»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեանը, պատասխանելով «Թերթ» լրատուական կայքէջին՝ թրքական լրատուամիջոցներուն տարածած տեղեկութեան ճշմարտութեան համապատասխանութեան մասին հարցումին, բաւարարուած է ըսելով, որ «Արձանագրութիւններուն վերաբերեալ որեւէ բանակցութիւն տեղի չ՛ունենար»։