Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան ամերիկեան Հարաւային աղքատութեան իրաւական կեդրոնը (Southern Poverty Law Center) ուսումնասիրութեան մը մէջ խստօրէն քննադատած էր այն ամերիկացի պատմաբանները, որոնք Թուրքիոյ կառավարութեան գործակալներու վերածուելով՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման համար աշխատանք կը տանին: Նշուած պատմաբաններէն մէկը, 87ամեայ Կունթըր Լեւի, անմիջապէս դատ բացած էր կեդրոնին դէմ, պնդելով, թէ ինքը գործակալ մը չէ եւ իր իրաւունքն է Ցեղասպանութեան մասին կարծիք արտայայտելը:
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, կազմակերպութիւնը ստիպուեցաւ ներողութիւն խնդրել Լեւիէն, ընդունելով, որ ազատ էր իր կարծիքը արտայայտելուն մէջ:
Սակայն հետաքրքրական է, որ «Հիւրրիյէթ»ի աշխատակից Թոլկա Թանըշ, այս մասին Լեւիի հետ խորհրդակցելէ ետք, գրած է, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը այլեւս վիճելի կողմ չունի, որովհետեւ Ամերիկայի մէջ լրատուամիջոցներու ու մտաւորականներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընդունած է, որ 1915ի ոճիրները ցեղասպանութեան համազօր էին: Լեւի ըսած է, որ երբ 2005ին գրած է, թէ 1915ի ոճիրները ցեղասպանութեան համազօր չէին, որոշ հրատարակիչներ չուզեցին հրատարակել իր գիրքը, իսկ երբ հրատարակուեցաւ, թէեւ սպառնական նամակներ չստացաւ, սակայն նախատական գրութիւններ հրատարակուեցան իրեն դէմ։ Նոյնիսկ կարգ մը պաշտօնակիցներ իրեն ըսած են, որ թէեւ համաձայն չեն անոր գաղափարին, բայց ան իր կարծիքը յայտնելու իրաւունք ունի: