ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ թուրքերուն կոչ կ՛ընէ բռնագրաւեալ Կիպրոսին մէջ կասեցնել յոյներու պատկանող սրբավայրերուն պղծումը: «Յարգանք ցուցաբերել թրքական բռնագրաւման տակ գտնուող կղզիին հիւսիսային հատուածի կրօնական արժէքներուն եւ կրօնական ազատութիւններուն նկատմամբ» խորագիրով՝ թիւ 1631 բանաձեւին մէջ, որուն համահեղինակներն են Ներկայացուցիչներու տան անդամներ ու Քոնկրեսական յունական համախմբումի համանախագահներ Կաս Պիլիրաքիս ու Քերոլայն Մըլոնի, նաեւ կ՛ըսուի, թէ պէտք է անյապաղ դադրեցնել «յունական սրբավայրերուն մէջ աւերիչ գործունէութիւնը եւ սրբապատկերներու ու բացառիկ մշակութային արժէքներու առեւտուրը, ինչպէս նաեւ պէտք է ջանքեր գործադրել բոլոր անհետացած արժէքները գտնելու եւ վերականգնելու ուղղութեամբ, հնարաւորութիւն ստեղծել աւերուած սրբավայրերու պահպանման կամ վերականգնման համար ու ընդհանրապէս վերջ տալ յոյներու կրօնական ազատութիւններուն դէմ ոտնձգութիւններուն»։
Հոն կը նշուի, որ 80 եկեղեցիներ վերածուած են մզկիթի, 28 եկեղեցիներ՝ պահեստի կամ զօրանոցի, եւ վեց եկեղեցիներ՝ թանգարանի։
Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ Ուաշինկթընի, որ քայլեր առնէ՝ ապահովելու համար բանաձեւին մէջ նշուած կէտերուն գործադրութիւնը։
Թրքական լրատուամիջոցները բանաձեւը որակած են «ցնցի»չ եւ «հակաթրքական»։
Ողջունելի արարք մըն է բանաձեւին վաւերացումը, սակայն քոնկրեսականները պէտք է գիտակցին, թէ նման բանաձեւեր լուրջի պիտի առնուին միայն այն ատեն, երբ գործնական քայլեր առնուին բառերը արարքի վերածելու համար:
Նաեւ, կարելի չէ բաւարարուիլ միայն մէկ երկրի մը մէջ Թուրքիոյ գործած ոճիրներու դատապարտումով, յատկապէս այս օրերուն, երբ Ներկայացուցիչներու տունը դժուարութիւն կը դիմագրաւէ վաւերացնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովող բանաձեւը:
Եկեղեցիներով մտահոգ քոնկրեսականները գիտե՞ն արդեօք, որ բռնագրաւեալ Հայաստանի մէջ բնաջնջուած կամ պղծուած են 2000է աւելի եկեղեցիներ ու վանքեր: Նախքան այդ ոճիրը դատապարտելն ու վնասուց հատուցման մասին խօսիլը, պէտք է հաստատել մշակութային ցեղասպանութեան առջեւ դուռ բացած Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: