Միացեալ Նահանգներու վիճակագրութեան գրասենակին կողմէ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, ամերիկացի հարուստներուն եւ աղքատներուն միջեւ վիհը շարունակած է խորանալ: Ամենաշատ եկամուտ ունեցող ամերիկացիներուն 20 տոկոսը, անոնք, որոնք տարեկան աւելի քան 100,000 տոլարի եկամուտ ունին, խլած են ամբողջ երկրին եկամուտին 49.4 տոկոսը, մինչ նուազագոյն եկամուտ ունեցողներ ամերիկացիներուն 20 տոկոսը ապահոված է ընդհանուր եկամուտին միայն 3.4 տոկոսը: Մէկի դէմ 14.5ի սոյն համեմատութիւնը զգալի ոստում մը կրած է 2008ին արձանագրուած մէկի դէմ 13.6էն, մինչ 1968ին այդ համեմատութիւնը մէկի դէմ 7.69 էր, այսինքն հարուստներուն եւ աղքատներուն միջեւ վիհը կրկնապատկուած է վերջին 41 տարիներուն ընթացքին:
Հարուստներու եւ աղքատներու եկամուտներուն միջեւ տարբերութիւնը ամենաշատը զգալի է Նիւ Եորքի, Քընեթիքեթի, Թեքսասի եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, իսկ նուազ զգալի է Ալասքայի, Եութայի, Ուայոմինկի, Ատըհոյի եւ Հաուայիի մէջ:
Նաեւ, 2009ին ամերիկացիներուն 65.9 տոկոսը ապրած է իր սեփականութիւնը նկատուող բնակարանի մը մէջ, մինչ 2006ին այդ համեմատութիւնը հասած էր 67.3ի:
Միւս կողմէ, պետութենէն ուտեստեղէնի օժանդակութիւն (food stamps) ստացող ընտանիքներուն թիւը երկու միլիոնով աճած է՝ հասնելով 11.7 միլիոնի, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է սոյն ծրագիրին պատմութեան մէջ:
Վիճակագրութեան գրասնեակին հրապարակած նոր տուեալներուն համաձայն, երկրէն դուրս ծնած ամերիկացիներուն համեմատութիւնը հասած է 12.5 տոկոսի (38.5 միլիոն), մինչ տուներէն ներս անգլերէնէն բացի այլ լեզու մը խօսող ընտանիքներուն համեմատութիւնը հասած է 20 տոկոսի:
Նաեւ, կիները, միջին հաշիւով, կը շարունակեն նուազ վարձատրութիւն ստանալ քան տղամարդիկ, սակայն կացութիւնը սկսած է բարելաւուելու: Արդարեւ, մինչ 2000ին կիները տղամարդոց եկամուտին միայն 64 տոկոսը կը ստանային, այդ համեմատութիւնը ներկայիս բարձրացած է 78.2ի:
Վերջապէս, աւելի մեծ համեմատութեամբ տարեցներ կը շարունակեն աշխատիլ՝ հանգստեան կոչուելու փոխարէն, եւ ներկայիս բոլոր աշխատաւորներուն 27.1 տոկոսը 60 տարեկան կամ աւելի մեծ է, մինչ այդ համեմատութիւնը 26.7 տոկոս էր 2008ին: