
Ապրի՛ք, շատ ապրի՛ք, որովհետեւ միշտ պատրաստ էք օրը օրին մեր ժողովուրդը հաղորդ պահելու հայութիւնը յուզող նորութիւններուն։
Երէկ երեկոյեան, մեծ ուրախութեամբ եւ յուզումով ականատես եղայ երուսաղէմաբնակ, ՀՄԸՄական եղբ. Ռուբէն Նալպանտեանի Արարատ լեռ ուխտագնացութեան ժապաւէնին։ Ան վերջերս, երբ ՀՄԸՄի սկաուտական բաժանմունքի մարզին մէջ, «Արարատեան»ի կարգը ստացած է, խոստացած է Արարատ լերան գագաթին վերանորոգել իր ուխտը՝ կառչելով ՀՄԸՄի նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր»ին։
Նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Հորիզոն»ի տնօրէնութեան եւ լուրերու բաժնի հաղորդավարներուն, յատկապէս՝ տոքթ. Մանուկ Սէրայտարեանին, որ կէս ժամուան ընթացքին, հաճելի սակայն իմաստալից հաղորդում-զրոյց մը հրամցուց մեզի, տիպար ՀՄԸՄականի մը մասին։
Յուզումով դիտեցի ժապաւէնը եւ հպարտութեամբ հետեւեցայ զրոյցին։ Իբրեւ հայ մայր եւ ՀՄԸՄական՝ սրտանց կը շնորհաւորեմ եղբ. Ռուբէնին եզակի եւ օրինակելի առաքելութիւնը։
Արարատ լերան գագաթին, առաւօտեան արեւածագին փայլող ճարագայթներուն պէս, թող եղբ. Ռուբէնի եւ նմաններուն կեանքը ըլլայ միշտ պայծառ ու լուսաւոր, եւ մեր նոր սերունդին համար՝ բարի օրինակ:
Մօտիկ ապագային, Արարատ լերան լանջին, ՀՄԸՄի բանակումներ կազմակերպելու երազը իրականութիւն տեսնելու զգացումներով՝
ՀՈՒՐԻԿ Ֆ.