ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կան շատեր, որոնք երբ կը խօսին հայերէն թերթի մասին, կ՛արտայայտուին ծայրայեղ յոռետեսութեամբ, մարգարէի հագուստ կը հագնին եւ կը նախատեսեն հայկական տառերով թերթերուն մօտալուտ վախճանը Արեւմտեան այս ափերուն:
Մենք չենք հաւատար այդպիսի կեղծ մարգարէութեանց, եւ հեռու ենք յուսահատութեան գիրկը իյնալէ:
Մանաւանդ այստեղ՝ Քալիֆորնիոյ մէջ, հայերէնը կենսունակ լեզու է, հայերէնով արտայայտուողներուն թիւը տասնեակ հազարներով է, հայերէնով կրթութիւն ստացողներուն թիւը բաւարար չէ, սակայն տակաւին հաւանական նոր ընթերցողներ կը պատրաստէ:
Տասնեակ հազարներով հայերէն խօսողները, հայկականութեամբ հետաքրքրուողները իրենց ամէնօրեայ ազգային, հայաշխարհի լուրերը մասամբ կը քաղեն հեռատեսիլի կայաններէն, որոշ թիւ մը նաեւ՝ համացանցային կայքէջերէն:
Համացանցային աղբիւրները կրնան գոհացնել լայն ու խոր հետաքրքրութիւն ունեցողները, եթէ անոնք ժամանակ ունին նաւարկելու տասնեակ կայքէջեր: Մեր պայմաններուն մէջ նման ժամանակի շռայլութիւն ունեցողներուն թիւը այնքան մեծ չի կրնար ըլլալ:
Հեռատեսիլը աւելի մակերեսային լրատուութեան աղբիւր է, մանաւանդ՝ հայկական հեռատեսիլի կայաններուն մատուցածը, ուր չափազանց հազուագիւտ վայելք է վերլուծական նիւթեր գտնելը («Հորիզոն»ը իր 180 վայրկեանով կ՛առանձնանայ այս մարզին մէջ):
Մեր շրջանէն ներս կեդրոնացնելով մեր հայեացքը՝ կրնանք համաձայն գտնուիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք անբաւարար կը գտնեն հայերէն թերթերու մակարդակը՝ թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն եւ թէ իբրեւ մատուցման ոճ ու ձեւ:
Այսուհանդերձ, «Ասպարէզ» յուսահատելու խնդիր չունի: Մենք կը զգանք ընթերցողներուն սէրն ու գուրգուրանքը, հետաքրքրութիւնը: Կան մարդիկ, բաժանորդներ, որոնք երբ իրենց թղթատարէն օրուան թերթը չեն ստանար, մեր հասցէին կ՛ուղղեն բաւական ծանր խօսքեր, զորս մենք կը լսենք հասկացողութեամբ, նոյնիսկ թաքուն ուրախութեամբ, որովհետեւ թերթ ստանալու անհամբերութեան հոյակապ զգայնութիւնը կը մատնուի անոնց շեշտերուն մէջ:
Բայց եւ այնպէս, «Ասպարէզ» ինք ամէնէն շատ կը զգայ որակական ոստումի կարիքը, որպէսզի ժամանակի դէմ մրցումին մէջ հայերէն լեզուով թերթը կարենայ հասցնել, կարենայ առաւել հետաքրքրական ոճով ու բովանդակութեամբ մատուցել իւրաքանչիւր հայու, որ մայրենիի օրհնութեամբ բարբառելու վայելքը կ՛ապրի:
Այս ամէնը ըսելէ ետք պիտի չուզէինք աժանացնել մեր խօսքը փանջունիական «մի քիչ փող» խնդրելու դիմումով…