
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան Սեպտեմբեր 28ին լրագրողներու հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, անդրադարձած է նաեւ վերջին շրջանին Հայաստանի բանակին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն։
«Արդեօք մեր սպաների կրթական, բարոյական մակարդակը բաւարարում է այն խնդիրների լուծմանը, որ դրուած է նրանց առջեւ: Եթէ կան զօրամասեր, որտեղ կարգուկանոն չկայ, նրանցից մարտունակութիւն սպասել չ՛արժէ», ընդգծած է Վ. Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով. «Նման զօրամաս լուրջ բուժման կարիք ունի, նոյնիսկ վիրահատման միջոցով»:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամը, սակայն, նշած է, որ անթոյլատրելի է երեւոյթ ստեղծել նման իրավիճակներէ, որոնցմով բանակը քաղաքական յարձակումներու թիրախ կը դառնայ: «Դա անթոյլատրելի է ճիշդ նոյնքան, որքան անթոյլատրելի է բանակը դարձնել քաղաքական գործընթացների մասնակից», նշած է Վ. Յովհաննիսեան:
Խօսելով Ատրպէյճանի մասին՝ Յովհաննիսեան յայտնած է, թէ անիկա ձեւական ժողովրդավարութեան զոհ է, եւ թէ տարիներ շարունակ այդ երկրին իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը կը մրցին իրենց ժողովուրդին առջեւ աւելի յարձակողական եւ Ղարաբաղի հարցով անզիջող երեւելու համար:
Այդպէս ընելով, ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին, Ատրպէյճան իր ձեռքով լարած ծուղակին մէջ յայտնուած է ո՛չ միայն ինք, այլ ամբողջ տարածաշրջանը։
«Եթէ այսօրուան Ատրպէյճանն, իսկապէս, խոհեմ լինի, եւ ասի՝ լուծենք հակամարտութիւնը փոխզիջումներով, ապա Ատրպէյճանի հասարակութիւնը կարող է սրբել այդ իշխանութեանը: Ուստի ընտրութիւններից առաջ Ատրպէյճանի ակրեսիւութիւնը շփման գծում, հռետորաբանութեան մէջ եւ այլուր, կարող է թէժանալ», յայտնած է Վահան Յովհաննիսեան, ապա խօսելով ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու մասին, որուն նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը, ՀՅԴ ներկայացուցիչը յայտնած է. «Դա այն հարցն է, որ պէտք է ոչ մի վէճ չլինի, անցնի 131 ձայներով, ու ոչ մի պատգամաւոր բացակայ չլինի: Եթէ կան տարաձայնութիւններ դրա վերաբերեալ, այն պէտք է յետաձգուի»:
Վահան Յովհաննիսեան այնուհետեւ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտը առնուազն 49 տարիով երկարաձգելու խնդիրին եւ յայտնած, թէ միջազգային փորձին մէջ կայ ընդունուած ձեւ մը, ըստ որուն, մեծ պետութիւնները թոյլ պետութիւններու անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւոր կը դառնան, եւ իբրեւ օրինակ՝ Յովհաննիսեան խօսած է Արեւելեան Եւրոպայի այն երկիրներուն մասին, որոնց անվտանգութեան երաշխաւորը Միացեալ Նահանգներն է:
«ՀՅԴն համարում է, որ քանի Հայաստանի անկախութիւնը ապահովւում է Ռուսաստանի կողմից ղեկավարուող համակարգի մէջ, եւ մենք չունենք այլ համակարգ, որն աւելի լաւ կամ համարժէք կը լինի, բնական է, որ յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ փչացնելու որեւէ հիմք չունենք», նշած է Վահան Յովհաննիսեան եւ ընդգծած. «Այլ հարց, թէ՝ որքանո՞վ է Ռուսաստանն ինքը յարգում մեզ, մեր անկախութիւնը: Սա առանձին հարց է, բայց այն կախուած է մեր իշխանութիւնների խելքից, յամառութիւնից, եւ հասարակութիւնից»:
ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը խօսած է նաեւ ՀՅԴի սկսած նախընտրական արշաւին մասին ու յայտնած, թէ իրենք փոխհրաձգութիւններուն չեն մասնակցիր: Անդրադառնալով ընտրութիւններու կեղծման փորձին՝ Յովհաննիսեան նշած է. «Եթէ մենք եւս մէկ-երկու անգամ նորմալ, մարդավայել, միջազգային չափորոշիչներին վայել ընտրութիւններ չանենք, Հայաստանը կ՛անցնի մի սահման, որից միայն «ռեֆորմիստական» ճանապարհով յետ վերադարձնելն անհնար կը լինի»:
Ան վտանգաւոր համարած է շարք մը քաղաքական ուժերու, յատկապէս՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) վարած ընտրութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւնը, ըստ որուն, անոնք 100 տոկոսով վստահ են իրենց յաղթանակէն: «Քաղաքական ուժը, որ 100 տոկոսով վստահ է, վտանգաւոր է: Նա պիտի վստահ լինի, որ այնքան լաւ է աշխատել, «հաց ու կարագ» հասցրել ժողովրդին, այնպիսի երջանիկ մանկութիւն է տուել, որ համոզուած է իր ընտրուելու մէջ: Երկրորդ՝ վստահ է, որ կ՛ընտրուի կեղծիքների միջոցով: Ես կարծում եմ, որ քոալիցիայից եւ ո՛չ ոք չի կարող ասել, թէ լաւ է աշխատել: Այդ ի՞նչ է արել իշխող կուսակցութիւնը ժողովրդի ձայները ստանալու համար: Ոչինչ: Ուրեմն մնում է կեղծելը», յայտարարած է ՀՅԴ խմբակցութեան անդամը՝ տեղեկացնելով, թէ Սեպտեմբեր 29ին Աշտարակի մէջ ՀՅԴի կազմակերպած հանրահաւաքին ընթացքին, իրենք պիտի անդրադառնան նաեւ նշեալ մարզի ղեկավարութեան ապօրինութիւններուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի մէջ չկայ միասնական ընդդիմութիւն, կամ՝ ընդդիմութեան մէջ միասնութիւն, որ կրնայ օգնել իշխանութեան՝ իր տեղը մնալու համար: Վահան Յովհաննիսեանի կարծիքով, ՀՅԴի համար իշխանութիւնը նպատակ չէ, այլ՝ ընդամէնը եղանակ՝ իր ծրագիրները լուծելու համար: