ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Սեպտեմբեր 7ին, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Վահէ Ակոբեան եւ Արթիւր Թաշճեան, Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Անտիրու Սաքսթընի հրաւէրով, ներկայ գտնուեցան յատուկ հանդիսութեան մը, որ տեղի ունեցաւ North Vancouver Museum and Archives-ի մէջ։
Հանդիսութեան ընթացքին, Canadian Heritage and Official Languages-ի նախարար Ճէյմզ Մուր խօսքը փոխանցեց Անտիրու Սաքս-թընի եւ յայտարարեց դաշնակցային կառավարութեան կողմէ թանգարանին յատկացուելիք նիւթական օժանդակութեան որոշումին, ինչպէս նաեւ իր հօր կողմէ ընտանեկան հարուստ արխիւներու թանգարանին յանձնման մասին։
Հանդիսութեան ընթացքին հայ համայնքի ներկայացուցիչները խոստացան թանգարանին յանձնել նշանակալից արխիւներ։
Սեպտեմբեր 8ին, Վանգուվըրի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արթիւր Թաշճեան հանդիպում մը ունեցաւ Անտիրու Սաքսթընի հետ՝ միասնաբար քննարկելու Գանատայի հայ համայնքը յուզող հարցերը։