ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան միջեւ քրտական հարցի լուծման համար, երկխօսութեան գործընթացը սկսաւ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդարանի գրասենեակին մէջ։ Այս բանակցութիւնները ծրագրուած էին ամիսներ առաջ, սակայն շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ ձգձգած էին զանոնք:
Կառավարութեան անունով՝ վարչապետի օգնական Ճեմիլ Չիչեք եւ արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էնկին, իսկ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անունով՝ համակուսակցապետներ Սելահատտին Տեմիրթաշ եւ Կիւլթան Քըշանաք մասնակցեցան երկխօսութեան:
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպումէն ետք, անոնք մամուլին յայտարարեցին, թէ քրտական հարցի լուծման համար գլխաւոր պայմանն է նոր սահմանադրութեան մը պատրաստութիւնը:
Ճեմիլ Չիչեք նշեց, որ ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով երկրին մէջ շատ արիւն հոսեցաւ եւ հազարաւոր ընտանիքներ տուժեցին, իսկ հիմա այլեւս հասած է ժամանակը, որ վերջ դրուի այդպիսի արարքներու։ Ըստ իրեն, քրտական հարցը կրնայ լուծուիլ ժողովրդավարական եւ իրաւական միջոցներով ու երկխօսութեան ճամբով։
Իր կարգին, Տեմիրթաշ ընդգծեց, թէ այս հանդիպումը ցոյց տուաւ, որ որեւէ արգելք չկայ երկխօսութիւն հաստատելու ու հարցերու շուրջ բանավէճ կազմակերպելու համար։ «Այսօրուան հանդիպումը կրնայ առիթ հանդիսանալ, որ ո՛չ միայն իշխող կուսակցութեան, այլ նաեւ միւս կուսակցութիւններուն հետ ալ երկխօսութիւն հաստատուի», նշեց ան։
Գալով զինադուլի հարցին՝ Տեմիրթաշ ըսաւ, որ զինադուլի մէկ ժամ իսկ յետաձգումը կարեւոր է իրենց համար։ «Մեր բոլորին միասնական ցանկութիւնն է, որ զէնքերը լռեն, բայց զինադուլի հարցը Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հետ կապ ունեցող նիւթ մը չէ։ Այդ հարցով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը պարտաւոր է պէտք եղածը ընել: Սակայն, կառավարութիւնը եւս դրական պատգամներ պէտք է ուղղէ եւ ժողովրդավարական քայլեր պէտք է առնէ», շեշտեց Տեմիրթաշ։