ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեթիու Պրայզայի Ատրպէյճանի դեսպան դառնալու գործընթացը կանգ առաւ՝ իբրեւ արդիւնք կազմակերպուած ճիգի մը: Այս մասին կ՛անդրադառնայ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան՝ համացանցով շրջանառութեան մէջ դրած իր նամակով: Ստորեւ՝ սոյն նամակին թարգմանութիւնը.
Մէկ օրուան մէջ որքան բան կրնայ փոխուիլ:
Քիչ առաջ, ծերակուտական Պաքսըր կասեցուց Մեթիու Պրայզայի թեկնածութեան հաստատումը՝ իբրեւ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆի դեսպան:
Պաքսըրի կեցուածքը հզօր խորհրդանիշ մը կը հանդիսանայ՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս խելամիտ ծերակուտականներ եւ գործօն քաղաքացիներ կրնան երաշխաւորել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութիւնը շարժի ամերիկեան արժէքային համակարգի սկզբունքներով, այլ ոչ խմբակային շահերով:
24 ժամ առաջ միայն՝ վիճակը շատ տարբեր էր:
Երկուշաբթի օր (Սեպտեմբեր 20), «Ուոլ Սթրիթ Ճուռնըլ» օրաթերթը անարդարօրէն յարձակում գործած էր ծերակուտական Պաքսըրի դէմ, Պրայզայի թեկնածութիւնը հարցականի ենթարկելու համարձակութեան համար:
«Ճուռնըլ»ը իր վատոգի խմբագրականին մէջ քանիցս դառնութեամբ թիրախ դարձուցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «կարծր կեցուածքը»՝ թիւրիմացօրէն ներկայացուած Պրայզայի թեկնածութեան հանդէպ: (Ի հարկէ, եթէ «կարծր կեցուածք» կը նշանակէ դէմ կանգնիլ հակահայ շահագրգռութիւններու, ապա մենք ատիկա կը նկատենք շքանշան մը, զոր պատիւով պիտի կրենք»:
Ես շատ մտահոգ չեմ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին դէմ կատարուած յարձակումով: Մենք Հայ Դատի ճակատի առաջին գիծին վրայ ենք, եւ վարժուած ենք հարուածներու թիրախ դառնալու: Յանուն ճշմարտութեան ու արդարութեան՝ կ՛արժէ ամէն տեսակի նեղութիւն կրել:
Մեզի համար, սակայն, անընդունելի է, որ թերթ մը վիրաւորէ ամբողջ համայնք մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար աշխատողները անուանելով՝ «Կովկասեան ցեղախմբային մտասեւեռում» ունեցողներ:
Դուք տեսաք, թէ մենք ինչպէ՛ս պայքարեցանք Պրայզայի թեկնածութեան դէմ: Գիտէք նաեւ, որ մենք պիտի պայքարինք «Ուոլ Սթրիթ Ճուռնըլ»ի այս մօտեցման դէմ: Ձեր նիւթական աջակցութեամբ, մենք պիտի ծառանանք ընդդէմ վատ վարքագիծերու, ընդդէմ նախապաշարուած պաշտօնատարներու եւ ընդդէմ ծախուած հրատարակիչներու, որոնք վնաս կը հասցնեն Հայ Դատին:
Մենք բազմիցս ապացուցած ենք, թէ կրնանք յաղթանակ տանիլ Ուաշինկթընի մէջ: Նորանոր յաղթանակներու համար մենք կարիք ունինք ձեր նիւթական աջակցութեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեծագումար նուիրատուի մը հովանաւորութեամբ չ՛աշխատիր, ոչ ալ մեծ ընկերութեան մը նեցուկով կը գործէ: Մեր գործունէութիւնը ձեզի նման բարեկամներու մեծ թէ փոքր նուիրատուութեանց վրայ հիմնուած է:
Հիմա է պահը. օգնեցէք որքա՛ն որ կրնաք: