ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի տարբեր հատուածներու վրայ, Սեպտեմբեր 13-19ի ընթացքին ատրպէյճանի կողմէ արձանագրուած է հրադադարի խախտման 229 դէպք:
Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններուն, Սեպտեմբեր 12-18ի միջեւ հակառակորդը հայկական դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2398 կրակոց:
Նշուած խախտումներուն ընթացքին պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումներուն կողմէ տրուած է համարժէք պատասխան:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 17ին, ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներուն պատճառով զոհուած էր զինուորական ժամկէտային ծառայող Անդրանիկ Սարգսեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.