
Վերանորոգ կառոյցներու ներքեւ, ազգային Մեսրոպեան նախակրթական եւ երկրորդական վարժարանը նոր կրթաշրջանի բացումը հանդիսաւորապէս կատարեց Երեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր, 2010ի առաւօտեան՝ հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին աշակերտութիւնը, ծնողները, վարժարանի ուսուցչակազմն ու անձնակազմը, ինչպէս տեղական խնամակալ մարմնի ու Քլապ Մեսրոպեան շրջանաւարտից միութեան ադամները, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովիւներն ու հոգաբարձութեան անդամները, ՀՅԴ Դրօ կոմիտէի անդամները եւ շրջանի յարակից միութեանց ներկայացուցիչները:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հայրերու աղօթքով: Ապա օրուան հանդիսավար՝ Ազգային վարրչութեան անդամ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան իր բացման խօսքով վեր առաւ վարժարանի կառոյցներուն վերանորոգման գործին կարեւորութիւնը: Ան կեդրոնացաւ բարոյական ըմբռնողութեան վրայ, ընդգծելով թէ այդ ըմբռնողութիւնը կը թելադրէ կատարել բարոյապէս արտօնուած ճիշդ բանը եւ ոչ անպայմանօրէն օրինապէս ճիշդ նկատուած բանը:
Աշակերտութեան պատգամը փոխանցեցին աշակերտական վարչութեան նախագահ Մարիամ Իսքաճեան՝ հայերէնով եւ փոխնախագահ Ճինա Սաֆոյեան՝ անգլերէնով, որոնք բարի վերամուտ մաղթեցին, արտայայտեցին աշակերտութեան աւելի բարձր նուաճումներու յոյսը, եւ խոստացան շարունակել Հայ Դատի ի սպաս իրենց մասնակցութիւնը: Ուսուցչակազմի անունով վերամուտի մաղթանքներ կատարեցին տիկ. Անգին Վարդապետեան՝ հայերէնով եւ պրն. Նիլ Տատ՝ անգլերէնով: Իսկ տեղական խնամակալ մարմնի ատենապետ Փիթր Աւետիսեան հաստատեց վարժարանի նկատմամբ մարմնին յանձնառութիւնը:

Րաֆֆի Մինասեան, Քլապ Մեսրոպեան շրջանաւարտից միութեան նախագահը, հրաւիրեց ներկաներուն գնահատելու վերջին քանի մը շաբաթներուն դպրոցին համար նուաճուած իրագործումներն ու վերանորոգման աշխատանքները: Ան յիշեցուց որ այս նուաճումները արդիւնք են ոչ միայն ծանր աշխատանքի, այլ նաեւ մեծագումար ծախսերու, որոնք ցարդ կը հասնին 300,000 տոլարի: Ան վստահութիւն յայտնեց որ նիւթական կարիքին լուծումը գոյութիւն ունի եւ անհրաժեշտ գումարները պիտի ապահովուին՝ բոլորին աջակցութեամբ: Մինասեան ըսաւ թէ մայր վարժարանի վերանորոգման գործին մէջ Քլապ Մեսրոպեանի անդամ շրջանաւարտները առաջնորդուեցան «վարժարանին տուածը վերադարձնելու» սկզ-բունքով: Ան եզրակացուց, «Մենք վերադարձուցինք մեր վարժարանին եւ այդ պատճառով է որ այսօր ունինք գրեթէ նոր Մեսրոպեան մը:»
ՀՅԴ Դրօ կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Նազարէթ Ծատուրեան յաջողութիւն մաղթեց Մեսրոպեանին, վերահաստատեց Դրօ կոմիտէութեան անշեղ յանձնառութիւնը դպրոցին նկատմամբ, եւ շնորհաւորեց բոլորին ցարդ իրագործուած բարենորոգումներուն համար: Սակայն, ան մատնանշեց, բուն գործը մեզի կը սպասէ յառաջիկայ օրերուն գալիք մարտահրաւէրներուն մէջ, որոնց նուաճումը մեզմէ կը պահանջէ հետեւողական նուիրում եւ յաւելեալ աչալրջութիւն:
Սեդօ Պոյաճեան՝ վարժարանի նոր տնօրէնը, մաղթելով աշակերտութեան ուրախ ու բարի վերամուտ, ըսաւ. «Այսօր վերամուտի բացման սովորական օր չէ, որովհետեւ այսօր մենք յանձն կ՛առնենք կերտելու նոր Մեսրոպեանը»: Ան շարունակեց. «Փոփոխութիւնը եկած է Մեսրոպեան: Արդէն նկատեցիք թէ վարժարանի շէնքերն ու խաղավայրերը վերանորոգուած են: Սակայն դիւրին է վարժարանը դատել իր ֆիզիքական տեսքով. դժուարինը պիտի ըլլայ վարժարանը դատել իր ուսմումնական բովանդակութեամբ: Այս իսկ պատճառով մեր առջեւ կը ծառանայ փոփոխութեան ու վերանորոգման այս ոգին դասարաններէն ներս փոխանցելու մեծ գործը: Սակայն տուէք մեզի ժամանակ եւ պիտի հասնինք այդ մեծ գործի պահանջած նպատակներուն: Պիտի բարելաւուինք ուսումնականօրէն. պիտի գերազանցենք մեր վարժարանական նուաճումներուն մէջ. եւ պիտի բարձրացնենք մեր աշակերտներուն թիւը: Ասոնք են այն մարտահրաւէրները, որոնք այսօր մեզ կը լիցքաւորեն աշխուժութեան զգացումով եւ լաւատեսութեամբ:»
Պոյաճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց գաղութին ու անոր կազմակերպութիւններուն, որոնք իր տնօրէն նշանակումէն ի վեր իրենց անսակարկ նեցուկը կը տրամադրեն վարժարանին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայնեց Քլապ Մեսրոպեանի շրջանաւարտներուն, առանց որոնց աշխատանքին կարելի պիտի չդառնար վերանորոգման գործը:
Առաջնորդ սրբազան հայրը եզրափակեց հանդիսութիւնը մաղթելով Մեսրոպեան վարժարանին լաւագոյն յաջողութիւններ եւ բարեբեր կրթաշրջան մը: Ան ամփոփեց օրուան պատգամաբերներուն արտայայտած փոփոխութեան ոգին եւ շեշտեց փոփոխութեան կարիքը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ: Ան բացատրեց թէ արտաքուստ փոփոխութիւնը բաւարար չէ, քանի որ ճիշդ փոփոխութեան իրագործումը կը պահանջէ նաեւ ներքին փոփոխութիւն: Սրբազան հայրը եզրակացուց. «Վերանորոգման համար պէտք է նաեւ մեր անձերը ինքնանորոգենք»:
Մեսրոպեան վարժարանի վերամուտի հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր Պահպանիչով: